Երեւանի մէջ կայացաւ «Հայ ուսանողութիւնը Արցախի համար» ուսումնասիրութիւններու մրցոյթի ամփոփիչ միջոցառումը

Երեւանի մէջ կայացաւ «Հայ ուսանողութիւնը Արցախի համար» ուսումնասիրութիւններու մրցոյթի երկրորդ փուլի եզրափակիչ ձեռնարկը։ Ուսանողներուն ներկայացուցած հետազօտութիւններուն թեման էր Արցախ վերադարձի իրաւունքը։ Նշենք, որ մրցոյթը կազմակերպած է ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը։ Մրցոյթի նպատակը աշխարհասփիւռ հայ ուսանողութիւնը Արցախի հիմնահարցին շուրջ համախմբելն է։

Մրցոյթին մասնակցած է 15 հայ ուսանող, ինը երկիրներէ։ Ուսանողները իրենց հետազօտական աշխատանքները գրելու ընթացքին ամիսներ շարունակ աշխատած են փորձագէտ-խորհրդատուներու հետ, որոնք մասնագիտական խորհուրդներ տրամադրած են ուսանողներուն՝ Արցախ վերադարձի իրաւունքի իրաւական եւ քաղաքական հարցերուն վերաբերեալ։

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան մրցոյթի առաջատարները, խորհրդատուները եւ հասարակական-քաղաքական գործիչներ։

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթին մէջ։

ՅԱՍՄԻԿ ՊԱԼԷԵԱՆ