Երեւանի խունթան եւ թրքական մեթոտաբանութիւնը
- (0)

Աւելի քան քսանամեակ մը առաջ, էրտողան տիրացաւ Թուրքիոյ իշխանութեան։ Մեծ թափ տուաւ Թուրքիոյ՝ ԵՄի անդամակցութեան օրակարգին։
Իսկ Թուրքիոյ խորքային պետութիւնը, բանակի ղեկավարներու (գեներալներու) գլխաւորութեամբ, դէմ էին այդ վարքագիծին, որովհետեւ այդ ձեւով իրենք այլեւս երկրի քաղաքական հարցերուն մէջ ըսելիք պիտի չունենային, այնպէս ինչպէս որ է ԵՄի անդամ որեւէ երկրի մէջ։ Իսկ Թուրքիոյ մէջ, բանակը միշտ ալ վերջին ու երբեմն վճռական ու բիրտ խօսք ըսողը եղած է երկրի ներքաղաքական հարցերուն մէջ։
Որոշուեցաւ վարկաբեկել ԵՄին անդամակցութեան օրակարգը։ Սպաննուեցաւ Հրանդ Տինքը, որպէսզի ԵՄը կասկածով մօտենայ «լրագրողներ սպաննող», «խօսքի ազատութիւնը սահմանափակող» Թուրքիոյ։
Տինքի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը կը յիշէք բոլորդ։ Էրդողան այդ ձեւով ԵՄին ըսաւ՝ չէ, էս չէի Տինքը սպաննել տուողը։ Ինք ճիշդ էր։ Ու անցաւ բանակի ներքին դերակատարութիւնը չէզոքացնելու գործին։
Մէկ երկու ամիս անգամ մը, սկսան բանակի զօրավարներու շռնդալից ձերբակալութիւններ։ Երբ Էրտողան կը մարսէր քանի մը զօրավարի ձերբակալութեան պարագան, տեղի կ՚ունենային այլ զօրավարներու նոր ձերբակալութիւններ։ Մինչեւ որ յաջողեցաւ բանակը ամբողջութամբ երկրի քաղաքական ղեկավարութեան ենթարկեցնել։
Այսօր, Հայաստանի մէջ երկրի ղեկին տիրացած խունթան նոյն, էրտողանական ոճով ու մեթոտաբանութեամբ կը վարուի ընդդիմութեան ու յատկապէս Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ դէմ իր պայքարին մէջ։ Նախ քանի մը ընդդիմադիր գործիչներ։ Յետոյ արշաւ նոյնինքն Ամենայն հայց կաթողիկոսին դէմ, ապա՝ ձերբակալել արքեպիսկոպոսներ, որոնցմէ մէկը՝ թեմի առաջնորդ։ Քանի մը ամիս վերջ՝ նոր թափ տալով արշաւին, Արագածոտնի թեմէն ներս շահատակութիւններ՝ թեմի առաջնորդին ու շարք մը հոգեւորականներու ձերբակալութեամբ-կալանաւորումով։ Վերջինը՝ իրաւաբան Ալ. Կոչուբայեւն էր։
Այս բոլորը ֆարսի նմանող դատական նիստերով՝ «վնգստացող դատաւորներու» եւ դատախազներու անմիջական մեղսակցութեամբ, հանգրուան առ հանգրուան։ Շատ յաճախ ալ հլու-հնազանդ հետեւելով Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի ցուցումներուն։
Այս է խունթային էրտողանական մեթոտաբանութիւնը։ Փաստօրէն այսքանը չհասկցողներ (կամ չհասկնալ ձեւաձնողներ) տակաւին կան։