Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ նշանակուած է Արթիւր Մեսչեան

Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ նշանակուած է երգիչ, երգահան, ճարտարապետ Արթիւր Մեսչեան:

Այս մասին Tert.am-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց Արթիւր Մեսչեան:
Այն հարցումին, թէ իրեն առաջարկուած է Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնը, ան ըսած է. «Ինձ ոչ միայն առաջարկուել է, այլեւ ես վաղուանից անցնում եմ աշխատանքի: Ինձ նշանակելու մասին հրամանը կը հրապարակուի վաղը»:

Նշենք, որ 1996 թուականին Արթիւր Մեսչեան ՀՀ կառավարութենէն հրաւէր ստացած էր ստանձնելու Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնը։ Վերադառնալով Հայաստան՝ ան կը սկսի իր գործունէութիւնը որպէս գլխաւոր ճարտարապետ, սակայն 1997 թուականի Փետրուարին կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ կը վերադառնայ Պոսթըն:

Արթիւր Մեսչեան Մատենադարանի նոր մասնաշէնքին ճարտարապետն է: Բացի անկէ, 2015 թուականի Յունուար 29-ին Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ բացուած Կոմիտաս վարդապետի թանգարանին ճարտարապետը կրկին Արթիւր Մեսչեանն է։

Յիշեցնենք, որ 2013 թուականի Օգոստոս 8-էն Երեւան քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետն էր Տիգրան Բարսեղեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.