«Երդիք»` Արեւմտահայերէն Նոր Մանկապատանեկան Առցանց Յայտագիր
Արեւմտահայերէնով նոր եւ բարձրորակ ստեղծարար յայտագիր մը ճամբայ ելաւ մանուկներու համար: Զուարթ, սրամիտ եւ մանկավարժական մօտեցումով յղացուած այս առցանց տեսերիզները կարելի է գտնել «Երդիք»-ի կայքին վրայ (www.yertik.com) կամ` YouTube–ի (Երդիք):
Երգերու, պատմութիւններու եւ խաղերու ընդմէջէն, խամաճիկներու, հանելուկներու եւ կարճ թատերախաղերու միջոցով, «Երդիք»-ը կը ստեղծէ զուարճալի եւ հանգիստ միջավայր մը, ուր մինչեւ 12 տարեկան մանուկներ եւ պատանիներ կրնան զուարճանալ ու նոյն ժամանակ իրենց հաղորդակցութեան ունակութիւնները զարգացնել: Նոր բառապաշար կ՛ամբարեն, արեւմտահայերէն կը սորվին կամ իրենց ունեցած գիտութիւնը կը բարելաւեն եւ, ամէնէն կարեւորը, սփիւռքի մէջ իրենց առօրեայ կեանքին մաս կազմող լեզուով նոր ու հետաքրքրական աշխարհ մը կը բացայայտեն:
«Երդիք»-ը շաբաթը երկու տեսանիւթեր կ՛արտադրէ: «Ակուլ Տուկուլ»-ը երկուքէն վեց տարեկաններու համար է: Նոյնիսկ ոչ հայախօս մանուկները կրնան դիտել եւ հետեւիլ յայտագիրին: Անոնք այնտեղ պիտի ծանօթանան յատուկ կերպարներու` առիթ տալով, որ իրենց լսողական, տեսողական ունակութիւնները զարգանան, նաեւ` իրենց ստեղծարար կարողութիւնները եւ իրենց յիշողութիւնը:
«Ալնիս Բալնիս»-ը եօթէն տասներկու տարեկաններու համար է: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ առօրեայէն քաղուած զանազան նիւթեր` մանուկներուն եւ պատանիներուն առիթ տալով, որ բարելաւեն հայերէնով հաղորդակցելու իրենց կարողութիւնն ու զարգացնեն իրենց վերլուծական ունակութիւնները: Այս տեսերիզներուն միջոցով նոր գաղափարներ կը ծագին, եւ նոր բառամթերքով տարբեր նիւթեր կ՛արծարծուին: Յայտագիրը մանուկները կը քաջալերէ, որ իրենց հետաքրքրութիւնը խորացնեն եւ «ինչո՞ւ»-ն ու «ինչպէ՞ս»-ը հետապնդեն:
«Երդիք»-ը նոր յայտագիր մըն է` հովանաւորուած «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին կողմէ: Եօթը երիտասարդներ, հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ գործադրուող լեզուական իւրացումի «Զարմանազան» ծրագիրէն ներշնչուած, յանձն առած են յայտագիրին ստեղծարար բովանդակութեան պատրաստութիւնը: «Երդիք»-ին մասնակցող այդ խմբակին անդամներն են` Սեւանայ Չագրեան, Վահան Քերովբեան, Գայիանէ Կաւրիլոֆ, Հրայր Գալեմքերեան, Անուշ Մխսեան, Վահագն Քէշիշեան եւ Ծաւի Պիլալեան:
Ծնողներ եւ դաստիարակներ կրնան հաւասարապէս գործածել «Երդիք»-ի կայքը եւ այդ ձեւով արեւմտահայերէնը հնչեցնել իրենց երդիքներուն տակ: Զուարճալի զբաղումներով բոլորին տրամադրելի եւ մուտքը ազատ «Ակուլ Տուկուլ»-ը եւ «Ալնիս Բալնիս»-ը հաճելի միջավայր մը կը ստեղծեն բոլորին համար: