ԵՄ-ն առեւտրային հրատապ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին

ԵՐԵՒԱՆ — Եւրորպական Միութիւնը հրատապ կարգով առեւտրային աջակցութեան փաթեթ մը կը պատրաստէ Հայաստանի համար՝ ռուսական ներմուծման սահմանափակումներուն հետեւանքները մեղմացնելու նպատակով, կը գրէ Financial Times-ը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները։

Ըստ հրապարակումին, Եւրոպական Յանձնաժողովը կը մշակէ «ինքնավար առեւտրային միջոցառումներ», որոնք պիտի նուազեցնեն Հայաստանէն Եւրամիութիւն արտահանուող սննդամթերքի եւ գիւղատնտեսական արտադրանքի մաքսատուրքերը։ Նպատակն է հայկական ձեռնարկութիւններուն համար նոր շուկաներ բանալ եւ աջակցիլ տնտեսութեան այն ճիւղերուն, որոնք ամենէն աւելի տուժած են վերջին սահմանափակումներէն։

Եւրոպական Յանձնաժողովի խօսնակ Օլոֆ Կիլ յայտնած է, որ Պրիւքսէլ պատրաստ է առաջարկել առեւտրային նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի օգնեն հայկական ընկերութիւններուն աւելի լայն մուտք ունենալ ԵՄ շուկաներ։ Միեւնոյն ժամանակ, ԵՄ շրջանակներուն մէջ մտահոգութիւն կայ, որ Մոսկուա կրնայ յաւելեալ առեւտրային ճնշում բանեցնել Հայաստանի վրայ։

Վերջին շաբաթներուն Ռուսաստան սահմանափակումներ կիրառած է Հայաստանէն ներմուծուող շարք մը ապրանքներու նկատմամբ՝ նախ արգիլելով «Ջերմուկ»-ի վաճառքը, ապա սահմանափակելով հայկական ծաղիկներու, բանջարեղէնի, ելակի, կորիզաւոր պտուղներու եւ խաղողի ներմուծումը։

Այս զարգացումներուն զուգահեռ, Եւրամիութիւնը յայտարարած է Հայաստանին աւելի քան 50 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն տրամադրելու մասին։ ԵՄ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս նաեւ նշած է, որ Պրիւքսէլ կ’աշխատի կարճաժամկէտ աջակցութիւնը աւելցնելու եւ Հայաստանի առեւտրային ու ուժանիւթային կապերը խթանելու ուղղութեամբ։