ԵԽ-ի մէջ Արթուր Խաչատրեան․ «Չի կրնար խաղաղութիւն ըլլալ, երբ ատրպէյճանական ուժերը կը գտնուին ՀՀ տարածքին մէջ»

Եւրոպական խորհուրդին մէջ ԵՄ-ՀՀ խորհրդարանական համագործակցութեան կոմիտէի նիստին ընթացքին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան յայտարարեց, թէ իրական խաղաղութիւն չի կրնար հաստատուիլ, քանի դեռ ատրպէյճանական զօրքերը կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ։

Ան ընդգծեց, որ ներկայ իրավիճակը կարելի է բնութագրել որպէս հրադադար, ոչ թէ խաղաղութիւն։ «Որպէսզի հրադադարը վերածուի իրական խաղաղութեան, պէտք է ճիգեր գործադրենք, ստիպենք Ատրպէյճանը դադրեցնել իր ագրեսիւ քաղաքականութիւնը եւ պաշտպանենք Հայաստանի շահերը»,– ըսաւ ան։

Խաչատրեան իր ելոյթին մէջ քննադատեց նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտեցումները Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին եւ անկախութեան հանրաքուէին վերաբերեալ՝ նշելով, որ իշխանութիւնները կը փորձեն նսեմացնել այդ պատմական գործընթացներու նշանակութիւնը։ Անոր համաձայն՝ Փաշինեան կը ներկայացնէ, թէ Հայաստանի անկախութիւնը կապուած է Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան միանալուն, ինչ որ, ըստ ընդդիմադիր պատգամաւորին, կը խեղաթիւրէ իրականութիւնը։

Պատգամաւորը անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու եւ TRIPP նախագծին՝ շեշտելով, որ Հայաստանի շրջափակումը կարելի չէ ճեղքել առանց երկաթուղային հաղորդակցութիւններու վերականգնումի։ Ան յատկապէս կարեւոր նկատեց Իջեւան–Ղազախ երկաթուղային ուղիին գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստան–Թուրքիա կապի բացումը։

Խաչատրեան իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը՝ ընդգծելով, որ Եւրոպական խորհուրդը բազմաթիւ բանաձեւերով պահանջած է այդ իրաւունքի իրագործումը։ Սակայն, ըստ անոր, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կը փորձեն սահմանափակել այդ գործընթացը։

Նշենք, որ 2022 թուականի Սեպտեմբեր 13-14-ին Ազրպէյճանը յարձակեցաւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ հինգ ուղղութիւններով։ ՀՀ ԶՈՒ Գլխաւոր շտաբի պետ Էդուարդ Ասրեան յայտնած էր, որ շուրջ 139 քառ. քմ տարածք կը գտնուի ատրպէյճանական ուժերու վերահսկողութեան տակ։