Դաւիթ Պապայեան Պաքուի բանտէն ահազանգած է․ «Կոպտօրէն կը խախտեն մեր իրաւունքները»
- (0)

Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան Պաքուի բանտէն հրապարակուած ձայնագրութեամբ ահազանգած է, թէ իր եւ միւս հայ գերիներու իրաւունքները կոպտօրէն կը խախտուին, եւ թէ ո՛չ միջազգային, ո՛չ իսկ ատրպէյճանական օրէնքները կը գործեն իրենց նկատմամբ։
«Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորիդ՝ օգնելու մեզ այս ուղղութեամբ, համայն հայութեան եւ բարի կամքի տէր մարդոց», ըսած է Բաբայեան՝ աւելցնելով. «Ո՞վ գիտէ վաղը ինչ կրնայ պատահիլ ինծի. դուք պէտք է տեղեկանաք, թէ ընդհանուր առմամբ ինչ կը կատարուի»։
Արցախի նախկին նախարարը դիմած է միջազգային հանրութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններուն եւ հայ ժողովուրդին՝ միաւորուելու եւ պաշտպանելու հայ գերիներու իրաւունքները։ Ան ընդգծած է, թէ Պաքուի մէջ ընթացող դատավարութիւնը «շինծու» է եւ կոպտօրէն կը խախտէ մարդասիրական, միջազգային եւ նոյնիսկ ատրպէյճանական իրաւական նորմերը։
«Այս դատավարութիւնը դատավարութիւն չէ, այլ քաղաքական վրէժխնդրութիւն՝ ուղղուած հայ ժողովուրդի անցեալին, ներկային ու ապագային», նշած է Պապայեան։
Պապայեան նաեւ յայտնած է, թէ զրկուած է Վերաքննիչ դատարան դիմելու իրաւունքէն։ Ըստ անոր՝ իր դիմումները անհետացած են, իսկ դատական ելոյթները չեն պահպանուած։ Ան այս քայլերը բնորոշած է որպէս փորձ՝ «ոչնչացնելու բոլոր քննադատական ելոյթները»։
Օրեր առաջ Պաքուի բանտէն Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպանին (ՄԻՊ) դիմած էին նաեւ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանն ու Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը։ Անոնք պահանջած էին, որ Հայաստանի ՄԻՊ-ը այցելէ իրենց, կազմակերպէ ընտանիքներուն հետ հանդիպումներ եւ իրենց գործերուն վերաբերող փաստաթուղթերը փոխանցէ ընտանիքներուն՝ հայերէնով եւ ատրպէյճաներէնով։ Հայաստանի ՄԻՊ Անահիտ Մանասեան արձագանգած էր, թէ իր լիազօրութիւնները սահմանափակուած են Հայաստանի տարածքով։
Միեւնոյն ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, թէ իշխանութիւնները գերիներու հարցով աշխատանքը կը փորձեն պահել «առաւելագոյնս գաղտնի», որովհետեւ հրապարակային քննարկումները, ըստ իրեն, չեն նպաստեր հարցի լուծման։
Փաշինեան նաեւ անտեղի մեղադրած է ընդդիմութիւնը եւ յատկապէս Դաշնակցութիւնը՝ պնդելով, թէ անոնց քաղաքական խօսոյթը բացասաբար կ՛ազդէ գերիներու հարցին վրայ։
Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու ներկայացուցիչ փաստաբան եւ Հայ Իրաւական Կեդրոնի գործադիր տնօրէն Սիրանուշ Սահակեան կառավարութիւնը մեղադրած է անգործութեան մէջ։ Ան յայտնած է, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է միջնորդ երկիրներու միջոցով ապահովէ գերիներու այցելութեան իրաւունքը եւ դիւանագիտական հանդիպումներ կազմակերպէ։
Սահակեանի համաձայն, հայ գերիներու վերջին ահազանգերը ուղիղ ապացոյցներ են, թէ Պաքուի մէջ արդարադատութիւն գոյութիւն չունի, եւ տեղի ունեցողը «ցուցադրական վրէժխնդրութիւն» է հայերու դէմ։