Դաշնակցութիւնը «Յաղթանակ» Դաշինքով Պիտի Մասնակցի Վաղարշապատ Աւագանիի Ընտրութիւններուն
- (0)

ՀՅԴ Էջմիածինի «Վաչէ Ջոստոմեան» կոմիտէն հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ տեղեկացնելով, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի մասնակցի 16 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքի աւագանիի ընտրութիւններուն՝ «Յաղթանակ» դաշինքով:
«Յաղթանակ» դաշինքի նախընտրական ցանկը կը գլխաւորէ Սեւակ Խաչատրեան:
«Կարեւորելով համայն հայութեան հոգեւոր մշակութային կենտրոն հանդիսացող մեր համայնքին զարգացում, արդարութիւն ու հոգատարութիւն բերելու յանձնառութիւնը, գիտակցելով համապետական ընտրութիւններից առաջ Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքի ընտրութիւնների կարեւորութիւնը, կոչ ենք անում՝
«- Էջմիածնի, Ոսկեհատի սիրելի բնակիչներին՝ մասնակցել սպասուող ընտրութիւններին եւ, իրենց ձայնը վստահելով պատասխանատու ուժերին, կանխել մեր ինքնութեան դէմ արշաւներն ու համայնքի համար բացել զարգացման նոր էջ,
«- ընդդիմադիր բոլոր ուժերին՝ գործել յանունի տրամաբանութեամբ, բացառել իշխող ուժի հետ նախընտրական կամ յետընտրական որեւէ համագործակցութիւն եւ ամբողջ ջանքերը ներդնել յաղթանակի կերտման համար», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: