ԳՈՅԺ

Խոր ցաւով կը գուժենք նահատակութիւնը դաշնակցական ընկերներ՝ Յարութ Բանոյեանի (1976-ի ծնունդ, հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան 2-րդ աստիճանի մետալակիր, Հալէպի հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան հրամանատար), Յակոբ Ասթարճեանի (1991-ի ծնունդ, Հալէպի հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան մարտիկ) եւ Մոսիկ Սեքլեմեանի (1992-ի ծնունդ, Հալէպի հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան մարտիկ), որոնք հերոսաբար նահատակուեցան 8-9 Նոյեմբեր 2020-ին, Շուշիի պաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին, Արցախ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Սուրիա

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.