Գնդապետ Պալիքեան Նշանակուած է Լիբանանի Պետական Անվտանգութեան Հսկողութեան Տնօրէն

Լիբանանի Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա հրապարակեց Պետական անվտանգութեան սպասարկութեան հրամանատարութեան մէջ նոր նշանակումներու ցանկը:

«Ազդակ» օրաթերթին տեղեկութիւններով՝ հրապարակուած հրամանագիրին համաձայն, գնդ. Ժորժ Պալիքեան նշանակուած է Պետական անվտանգութեան հսկողութեան եւ ընդհանուր քննչական տեսչութեան տնօրէն:

Գնդ. Պալիքեան վերջին ժամանակաշրջանին ստանձնած էր նախ Ժիպէյլի, ապա Պաթրունի անվտանգութեան սպասարկութեան տնօրէնի պաշտօնը, ապա փոխադրուած կեդրոն` իբրեւ Պետական անվտանգութեան սպասարկութեան նախկին ընդհանուր տնօրէնի օգնական:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.