Գեղամ Արք. Խաչերեան ընտրուեցաւ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ

Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մը, ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Փո­խա­նորդ ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ, իր ազ­գա­յին ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վը գու­մա­րեց ­Շա­բաթ՝ 24 եւ Կի­րա­կի՝ 25 ­Յու­նիս 2017ին, ­Գո­քի­նիոյ ­Զա­ւա­րեան ­Կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» սրա­հին մէջ։

Յա­ջոր­դա­կան ե­րեք նիս­տե­րով՝ ի­րա­ւա­սու քո­ւէով քա­ռա­սուն ազ­գա­յին ե­րես­փո­խան­նե­րէ բաղ­կա­ցած ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մա­կան ­Ժո­ղո­վը քննար­կեց ըն­թա­ցա­ւարտ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղո­վին, յա­րա­կից ­Խոր­հուրդ­նե­րուն եւ Թա­ղա­կա­նու­թեանց եր­կա­մեայ նիւ­թա­բա­րո­յա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ հա­մա­պա­տաս­խան ար­ժե­ւո­րու­մի են­թար­կե­լով ար­ձա­նագ­րո­ւած թէ՛ ձեռ­քբե­րում­նե­րը, թէ՛ կա­ղա­ցում­ներն ու թե­րա­ցում­նե­րը։

Թե­մա­կան ­Ժո­ղո­վը իր օ­րա­կար­գին վրայ ու­նե­ցաւ եւ կա­տա­րեց թե­մա­կալ նոր ա­ռաջ­նոր­դի ընտ­րու­թիւ­նը։ Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի տրա­մադ­րած թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դի թեկ­նա­ծու­նե­րու ե­ռա­նուն ցան­կի հի­ման վրայ, ժո­ղո­վը յա­ռա­ջի­կայ վեց տա­րի­նե­րու պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նի հա­մար թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ընտ­րեց ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.