Գարեգին Բ. կաթողիկոս Արցախցի Պաշտօնատարներու Հետ Քննարկեց Արցախցիներու Եւ ռազմագերիներու Հարցերը
- (0)

8 Հոկտեմբերին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունեց արցախցի պետական պաշտօնատարներ ու քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ Արցախի նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեանի եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի, յայտնեց Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական գրասենեակը:
Հանդիպումին ընթացքին, կաթողիկոսը եւ այցելուները քննարկեցին հայրենազրկուած արցախցիներուն դիմացը ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելուն եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ս. Էջմիածինի կողմէ իրականացուող ընկերային աջակցութեան ծրագիրներուն եւ արցախցիներուն հետ բնակութեան վայրերուն մէջ տարուող հոգեխնամ աշխատանքներուն:
Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ հայ եկեղեցին այս ուղղութեամբ ջանքերը պիտի շարունակէ։
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին միջազգային հարթակներու վրայ միացեալ հետեւողական քայլեր ձեռնարկելը` Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները բարձրաձայնելու, Ատրպէյճանի մէջ պահուող պատանդները եւ ռազմական գերիները ազատ արձակել տալու, անհետ կորսուածները յայտնաբերելու եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու համար:
Աւարտին, արցախցի պաշտօնատարները իրենց որդիական երախտագիտութիւնը եւ առաքելական մայր եկեղեցւոյ հաւատարմութիւնը յայտնեցին: