Գանատայի օրինակելի կեցուածքը՝ հանդէպ Հայ համայնքին
Տարիներու վրայ երկարած տքնաջան եւ հետեւողական յարաբերական աշխատանքներու արգասիքն է Գանատական դաշբակցային եւ Օնթարիոյի նահանգային կառավարութիւններու նիւթական շռնդալից ներդրումի որոշումը՝ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին տրամադրելու աւելի քան $3 միլիոն յատկացում շինարարական նոր նախագիծ մը իրագործելու ի խնդիր:
Իմ իմացական հորիզոնը բան մը չի յուշեր, որ նմանօրինակ մեծագումար յատկացում մը տեղի ունեցած է աշխարհի որեւէ մէկ ծայրամասի պետութեան մը կողմէ՝ հայկական համայնքի մը: Այս նպաստը կու գայ փաստելու, որ Գանատայի հայ գաղութը, որքա՜ն ներգործօն դերակատարութիւն ունի Գանատական քաղաքական կեանքէն ներս, որուն համապատասխան գործող քաղքական ուժերը աչքաթող չէին կրնար ընել նշեալ հանգամանքը:
Պատմականօրէն՝ առաջին անգամը չէ, որ Գանատայի մէջ նմանօրինակ բարեկատար քայլ կ՚առնուի կառավարական տարբեր մակարդակներու իշխանութիւններու կողմէ: Թէեւ այս մէկը իր տարողութեամբ շատ ուշագրաւ է:
Բնական է, այս դրական կամեցողութիւնը փոխադարձ է, որովհետեւ գանատայի հայ գաղութը իր կառուցողական եւ ազդու մասնակցութիւնը կը բերէ հանրային եւ քաղաքական ներքին կեանքին: Հայկական կազմակերպութիւններու օրինապահութիւնը եւ ներգործօն դերակատարութիւնը այս իմաստով շատ կ՚արժեւորուի համապատասխան Գանատական իշխանութիւններու կողմէ: Ճիշդ այդ պատճառով, յաճախ լուրջ լսարան կ՚ունենան բոլոր հայկական թէզերով ներկայացուած խնդիրները:
Հակառակ անոր, որ ընտրական քուէի իմաստով, այդքա՜ն ա՛լ ստուար թիւ չի ներկայացներ հայ գաղութը, բայց իր քաղաքական յարաբերական կեանքի լրջութիւնն ու որակը, ու գաղութի վայելած բարոյական վարկը, որպէս շինարար եւ դրական բաղադրիչներով կազմուած զանգուած, պարտադրած է իր անտեղիտալի ներկայութիւնը ու արժանացած բոլոր քաղաքական հատուածներու յարգանքին:
Նոյնպէս գանատահայ քաղաքացին՝ անձամբ իր նիւթական եւ մարդուժի հնարաւորութիւններով կը մասնակցի ներքին քաղաքական կեանքին, երբեմն ուղղակի՛ օգտագործելով Գանատական քաղաքական հարթակը: Այսպէս, տարիներու ընթացքին ունեցանք հայորդիներ, որոնք ծառայեցին եւ կը ծառայեն քաղաքական կեանքի մէջ, քաղաքներու աւագանիներու, դաշնակցային եւ նահանգային օրէնդրական եւ գործադիր իշխանութիւններու մակարդակներով:
Ի հետեւում վերոնշեալ տրամաբանութիւններուն եւ գործօններուն, Գանատան ճանչցաւ Հայկակական Ցեղասպանութիւնը եւ սատարեց հայ գաղութին՝ իրերայաջորդ նիւթական նպաստներով ու բարոյական իրագործումներով, անսալով հայկակական գաղութի յամառ եւ բոլորանուէր հետապնդումներուն:
Այդ յաջողութիւններուն ետին կը կանգնին երեւելի եւ աներեւոյթ կամաւորներու անձնդիր մեծ փաղանգ մը, որուն զոհողութեան եւ նուիրաբերումի չափը, ո՛չ նիւթապէս ո՛չ ալ մետալներու շողշողուն փայլքերով կարելի է գնահատել: Ի պատիւ բոլոր հայորդիներուն , որոնք իրենց քսակները առատօրէն բացած են գաղութային կարիքներուն, 10$ սահմանի մասնակցութեամբ, հասնելով միլիոններով մեծագումար ներդրումներու ծաւալին, ի կատար կ՚ածուին ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ծրագիրներուն հասնելու կամեցողութիւնը ու ակներեւ մասնակցութիւնը: Միաժամանակ, բաւարարելով գաղութային անհամար ուսումնական, տնտեսական, շինարարական եւ հոգեւոր կարիքները, որոնք օրէ օր առ աւելի կենսական հրամայական կը դառնան, հաշուի առնելով գաղութի թուական զգալի աճը:
Պատիւ բոլոր հայորդիներուն՝ երեւելի եւ աներեւոյթ դերակատարներուն, որոնք իրենց ամէնօրեայ կենցաղով, կը ձգտին ճամբայ հարթել նորանոր ձեռքբերումներու:
Ժան Հալլաճեան
Թորոնթօ 13 Մարտ, 2021