Գանատայի վարչապետ Թրուտոյի Հայաստան այցելութիւնը նոր էջ կը բանայ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման գծով

Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը պատմական իրադարձութիւն էր երկու երկիրներու յարաբերութիւնները նոր ուղղութեամբ հունաւորելու։

Իրողութեան մէջ, սփիւռքեան մեր գաղթօճախներու կարեւոր կռուաններէն մէկը հանդիսացող գանատահայ գաղութին համար էական նշանակութիւն ունեցող պատմակշիռ եղելոյթ է այցելութիւնը։ 2002-ի Գանատայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծի վաւերացման, 2004-ի Գանատայի խորհրդարանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ 2006 թուականի Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի կատարած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը որպէս անատայի պետական քաղաքականութիւն ընդունելու յայտարարութեան շրջագիծը կÿամբողջանայ վարչապետ Թրուտոյի այս ացելութեամբ, որուն կիզակէտը հանդիսացաւ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին անմար կրակին դիմաց 1915-ի նահատակներուն վարչապետի յարգանքի տուրք մատուցելու քայլը։

Հայ Դատի աշխատանքներու բնագաւառէն ներս Գանատան աշխարհաքաղաքական կարեւոր գործօն է, նկատի առած այն իրողութիւնը, որ ան կը հանդիսանայ հազուագիւտ այն պետութիւններէն, որ Հայոց Ցեղասպանութիւն ճանաչումը որդեգրած է գործադիր իշխանութեան մակարդակով եւ այդ իսկ պատճառով, անատայի մէջ թրքական եւ ատրպէյճանական շեշտադրուած հակահայ քարոզչութիւն կը դրսեւորուի աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր։

Երկու երկիրներու յարաբերութիւններու սերտացման ծիրէն ներս, յառաջիկայ հանգրուանին կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենայ նաեւ անատայի խորհրդարանի »անատա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակցութիւն«ը, որուն հետ, իր հիմնադրման օրէն ի վեր, անատայի Հայ Դատի յանձնախումբը սերտօրէն կը գործակցի։

Գանատայի ղեկավարը հաստատեց նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրագրման գծով կարեւոր պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ ժողովրդավարութեան տարծման գործնականօրէն աջակցելու յանձնառութիւնը։

Գանատա-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններու կարեւոր ազդակ է նաեւ տնտեսական համագործակցութեան յաւելեալ թափ տալու գրաւականը։ Թիւերով եթէ հաշուարկում կատարենք, Հայաստանէն արտերկիր արտահանումներուն շուրջ 19 տոկոսը կը կազմեն ոսկին, թանկարժէք մետաղներն ու քարերը. 2015 թուականին Հայաստանէն ամէնէն շատ ոսկի ներածած երկիրներուն մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ Գանատան, իսկ ադամանդի պարագային՝ երկրորդ դիրքը։ Վիճակագրական այս ցուցանիշները յստակօրէն կը փաստեն հանքարդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս, իբրեւ տնտեսական գործընկեր Գանատայի կարեւոր դիրքը։

Ուշադրութեան առարկայ դարձաւ նաեւ Արցախի հիմնահարցը, որուն առնչութեամբ, վարչապետ Թրուտօ յորդորեց շարունակել հակամարտ կողմերու երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնները եւ կոչ ըրաւ շարունակելու հակամարտութեան խաղաղ լուծման Մինսքի ձեւաչափը։ Այս ծիրէն ներս, անհրաժեշտ է յիշատակել, որ 2018-ի Մայիսին, Կանատայի խորհրդարանի երկու տարբեր նիստերու ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով հնչեցին Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին աջակցելու յայտարարութիւններ, զորս ողջունեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։ Իրողութեան մէջ, աշխարհաքաղաքական այսօրուան բեմահարթակին վրայ առաջատար դիրք գրաւող Գանատային համար, կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է Արցախի հիմնահարցի հանգուցալուծման ծիրէն ներս։

Կասկածէ դուրս է նաեւ այն իրողութիւնը, որ միջ-պետական յարաբերութիւնները լաւագոյնս արդիւնաւորելու համար՝ անհրաժեշտ է, որ անատան Երեւանի մէջ դեսպանատուն հիմնէ։ Եւ անատայի հայ համայնքը, յուսալից է, որ վարչապետի այս այցելութիւնը խթան պիտի հանդիսանայ դեսպանատան հիմնադրման գործընթացին։

«Հորիզոն»ի Խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.