Գանատայի Պաշտօնական Ըդդիմութեան Ղեկավար՝ Անտրու Շիր Կը Վերահաստատէ Պահպանողական Կուսակցութեան Սկզբունքային Կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նկատմամբ
1845
0
Ապրիլ 24-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակին առիթով, Գանատայի Պաշտօնական Ընդդիմութեան եւ Պահպանողական Կուսակցութեան ղեկավար՝ Անտրու Շիր, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին ուղղուած իր ուղերձին մէջ անգամ մը եւս վերահաստատեց իր կուսակցութեան վճռակամ դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ:
Ուղերձին մէջ Շիր նշած է, որ 1,5 միլիոն նահատակներու աւանդը վերյիշեելով, պէտք է դասեր քաղենք պատմութեան տխուր էջէն եւ ճանչնանք զայն որպէս մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր եւ ցեղասպանութիւն:
Ան աւելցուցած է ըսելով, որ Գանատայի Պահպանողական կուսակցութինը միշտ պիտի կանգնի Հայ ժողովուրդին եւ արդարութեան կողքին եւ պիտի ընէ իր կարելին, որ նման յանցագործութիւններ ճանաչում ստանան եւ երբեք չկրկնուին: