Գանատայի մէջ տեղի ունենալիք ՀՅԴ 135 Ամեակի տօնակատարութիւններուն պիտի բանախօսէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Արմէն Ռուստամեան

Յառաջիկայ շաբաթներուն Գանատայի մէջ տեղի ունենալիք ՀՅԴ 135 Ամեակի տօնակատարութիւններուն պիտի մասնակցի եւ բանախօսէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Արմէն Ռուստամեան։

Ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Թորոնթօ՝ ուրբաթ, փետրուար 27-ին, Գեմպրիճ՝ շաբաթ, փետրուար 28-ին, Քեպէք՝ կիրակի, մարտ 1-ին, եւ Վանքուվըր՝ ուրբաթ, մարտ 6-ին։

Աւանդութիւն դարձած սոյն ձեռնարկները առիթ կը հանդիսանան ՀՅԴ անդամներուն եւ համակիրներուն համար՝ յետադարձ ակնարկով մը անդրադարնալու Դաշնակցութեան 135-ամեայ պայքարի ուղիին, վերահաստատելու իրենց հաւաքական պարտաւորութիւնները եւ նորոգելու հաւատարմութիւնը հայ ժողովուրդին ծառայութեան ու ազգային իղձերու իրականացման ի խնդիր։

Այցի շրջագիծին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նաեւ առիթը պիտի ունենայ այցելելու համայնքային հաստատութիւններ եւ հանդիպելու համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ կազմակերպական պատասխանատուներուն հետ։