ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ԲՆԱԿՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ
Սիրելի Գանատաբնակ Լիբանանահայ,
Լիբանան կը պատրաստուի խորհրդարանական ընտրութիւններու: Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը
ձեռնարկած է 21 տարեկանը ամբողջացուցած լիբանանցի քուէարկողներու ելեկտրոնային
արձանագրութեան աշխատանքին, այդ ճամբով ապահովելու համար ձեր քուէարկելու իրաւունքը:
ինչպէս ﬕշտ, այս անգամ ալ կատարենք ﬔր ազգային պարտականութիւնը։
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻ՛ՆՔ, ՈՐ ԸՆՏՐԵՆՔ
Ներկայացէք Հայ Կեդրոն Ուրբաթ, 5 Նոյեմբերին՝ երեկոյեան ժամը 7:30-9:30, Շաբաթ, 6
Նոյեմբերին՝ 3:00-7:00, Կիրակի 7 Նոյեմբերին՝ առաւօտեան ժամը 11:00-3:00, եւ Ուրբաթ, 12
Նոյեմբերին՝ երեկոյեան ժամը 7:30-9:30, ձեզի հետ ունենալով Գանատական եւ Լիբանանեան
Փաստաթուղթերը: Արձանագրութեան ժամկէտ՝ Նոյեմբեր 20:
Արտերկրի լիբանանահայերը իրենց բնակած վայրերուն մէջ քուէարկելու համար կրնան արձանագրուիլ՝ https://diasporavote.mfa.gov.lb
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կապուիլ Երեկոյեան ժամը 6:00էն ետք՝
- Րիթա Թղլեանին՝ 647-963-2908
- Վիվիան Գըլըպոզեանին՝ 416-876-4403
ԿՈՉ, ԶՕՐԱԿՑԻ՛ՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՄՐԱԳՐՈՒԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԵՐ ԿՌՈՒԱՆՆԵՐԸ։