Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի քաղաքական հանդիպումները Կը Շարունակուին Օթթաուայի Մէջ
- (0)

Նախորդ շաբթուան ընթացքին, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը շարունակեց իր հերթական հանդիպումները մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Երեսփոխաններ Թոնի Քլէմէնթի, Րէյչըլ Հարտըրի, Ճին Եիփի եւ Ալէքասնդ Պուլըրիսի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին կողմերը քննարկեցին Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած յառաջիկայ կարգ մը ծրագիրները, միջ-մշակութային յարաբերութիւնները եւ բազմամշակութայնութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Հայ Դատի պատուիրակները երեսփոխաններուն հետ քննարկեցին նաեւ Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու ոլորտը, Արցախեան հիմնահարցն ու Հայ Դատի առնչուող շարք մը այլ առաջնահերթութիւններ:
Քննարկումներէ անկախ, կողմերը հաստատեցին վերոնշեալ բոլոր հարցերու նկատմամբ շինիչ քայլերու դիմելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ այս հարցերու նկատմամբ հետեւողական եւ մշտական երկխօսութիւն շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Իրենց կարգին, երեսփոխանները դրուատելով Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքները, վերահաստատեցին իրենց աջակցութիւնը Գանատահայութեան եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն:
Լուսանկարը՝ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան Նորընտիր երեսփոխան Ճին Եիփի հետ