Գանատայի Հայ Դատի յանձախումբը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատան գործակատար տիկ. Անիք Կուլէի հետ
Մայիս 3-ին Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ կայացաւ յատուկ հանդիպում Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Գանատայի դեսպանատան գործակատար տիկին Անիք Կուլէի եւ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան միջեւ։
Հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու եւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման աջակցելու հարցերը։ Յանձնախումբը նաեւ շեշտեց Հայաստանի մէջ գանատական դեսպանատան մը հաստատման անհրաժեշտութեան հարցը։
Տիկին Կուլէ այցելեց նաեւ «Հորիզոն»ի խմբագրատուն եւ ծանօթացաւ «Հորիզոն»ի աշխատանքներուն։
Հանդիպման կը մասնակցէին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վաչէ Շամլեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան եւ Գանատայի Արեւմտեան Շրջանի հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Յակոբեան։