Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը կայացաւ Վանգուվըրի մէջ
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 59/16-րդ ժողովը տեղի ունեցաւ 12-13 Մայիս 2017-ի շաբաթավերջին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ, Վանգուվըր, Պրիթիշ Գոլոմպիայի մէջ։
Ժողովը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ վերահաստատեց իր անվերապահ կապուածութիւնը Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին ու անոր առաքելութեան։
Ժողովը պաշտօնական նամակ յղեց Գանատայի Վարչապետ Նորին Վսեմութիւն Ճասթըն Թրուտոյին, ուր շնորհաւորեց Գանատայի 150-ամեակը, շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ Գանատայի գաղթականական քաղաքականութեան համար եւ Հայաստանի ու Արցախի ի նպաստ աջակցութեան եւ ապահովութեան հարցով։
Գանատայի Ազգային 59/16-րդ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, հանգամանօրէն անդրադարձաւ Թեմիս եկեղեցիներուն ազգային եւ եկեղեցական բազմակողմանի հարցերուն եւ գլխաւորաբար իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց, քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան, Գանատայի 150-ամեակի տօնակատարութիւններուն, Մոնթրէալ քաղաքի 375-ամեակին, Թեմիս յառաջիկայ 10-ամեայ տեսլականին, Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու համագործակցութեան, հիմնուած յատկապէս՝ վերջին տարիներու հայութեան թուաճի տեսակէտէն։
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ ընտրութիւն։ 2017-2018 տարեշրջանի Կրօնական Ժողովի կազմի անդամներն են.-
Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան, ատենապետ
Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեան,
Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան,
Ազգային Վարչութեան կազմի անդամներն են.-
Տիկին Ծովիկ Թերզեան, ատենապետ
Պրն. Յակոբ Պուլկարեան,
Տիկին Սեդա Մալխասեան,
Պրն. Մայք Թիթիզեան,
Պրն. Յակոբ Ճանպազեան,
Տիկին Օսիկ Մխսիարթինեան,
Պրն. Լեւոն Պէնկեան,
Յակոբ Տէր Յակոբեան,
Պրն. Վարդավառ Փանոսեան,
Ի դիմաց ՝
Գանատայի Հայոց Թեմի
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին
Վանգուվըր, Պրիթիշ Գոլոմպիայ
13 Մայիս 2017