Գանատայի Հայոց Թեմը կը պահանջէ վարչապետին հրաժարականը

Երկուշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2020-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, յանուն Գանատայի Հայոց Թեմին, նամակ մը յղեց Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանին, որուն մէջ իր ընդվզումն ու մտահոգութիւնը կը յայտնէր Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ստորագրուած տխրահռչակ ու պարտուողական համաձայնագրին ու անոր յարուցած յետագայ բարդութիւններուն համար:
Նամակին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին կը յայտնէր, որ Գանատայի Հայոց Թեմը, ի թիւս սփիւռքի այլ համայնքներուն, իր ողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ յանուն Հայաստանի ու Արցախի օժանդակութեան, յանուն Հայկական բանակի բարօրութեան եւ յանուն մեր յաղթական երթին, քաջ գիտակցելով, որ Հաւաքական անկոտրում կամքով ու Հայաստան-սփիւռք միասնակամութեամբ անկասելի կը դառնայ հայ ժողովուրդի յաղթանակի գոյերթը: Ապա, դրուատելով հայ զինուորին ու կամաւորին սխրագործութիւնները, ան կը նշէր, որ ի հեճուկս պատերազմին արհաւիրքի ծանրութեան եւ ուժերու անջրպետային տարբերութեան, հայ զինուորն ու կամաւորը հերոսական սխրանքներով ու իրենց արեամբ պահեցին մեր նահատակներու զոհողութեամբ շահուած Սուրբ Հողը:
Առաջնորդ Սրբազանը անդրադառնալով 10 Նոյեմբեր, 2020-ին ստորագրուած տխրահռչակ ու պարտուողական համաձայնագիրին, կը նշէր, որ այդ արարքը ի նանիր վատնեց հոյլ մը սերունդներու հեղած արիւնը, կորստեան մատնելով ամենաթանկը՝ հայրենիքը:
Իր մտահոգութիւնը յայտնելով, Սրբազանը իր նամակին մէջ կը շեշտէր մանաւանդ, որ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները ձախողած են Արցախի անվտանգութիւնը ապահովել: «Այս մէկը կը համարենք նուաստացուցիչ եւ վտանգաւոր Արցախի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի գոյութեան համար։ Այո՛, այս բոլորը յուսախաբութեան ու դժգոհութեան ալիք մը բարձրացուց բոլորիս մօտ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Տակաւին գերիներու հարցը մնացած է անլուծելի։ Ծնողներեր ու հարազատներ կը տառապին, ոչ մէկ լուր ունին եւ անորոշ կը սպասեն ճակատագրին…», կը նշէր Առաջնորդ Սրբազանը:
Ի հետեւումն այս բոլորին եւ Հայրենիքի փրկման առաջադրանքով, Առաջնորդ Սրբազանը միանալով ընդվզումի ալիքին, յանուն Գանատայի Հայոց Թեմին, կը դատապարտէր Վարչապետի ու կառավարութեան անպատասխանատու քայլը ու կը պահանջէր անոնց հրաժարականը:
Առաջնորդ Սրբազանը նամակը կ’եզրափակէր վստահեցնելով Դեսպանին, որ՝ «կը մնանք յանձնառու՝ մեր զօրակցութիւնը եւ գործօն մասնակցութիւնը բերելու Հայրենիքի անվտանգութեան ու պաշտպանութեան պայքարին ու մանաւանդ անոր զարագացման ու վերելքին։ Բնականաբար կը շարունակենք մեր համագործակցութիւնը ձեզ հետ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս քաջ գիտնալով որ դեսպանատունը օտար ափերուն մէջ մասնիկ մըն է հայրենիքէն»։
ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.