Գանատայի ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոս կը դատապարտէ Արցախի դէմ ուղղուած ատրպէյճանական սադրանքները
Մարտ 30-ին կայացած Գանատայի Ծերակոյտի հերթական նիստին ելոյթ ունեցաւ Ծերակոյտի ընդդիմադիր Պահպանողական խմբակցութեան ղեկավար Լէօ Հուսաքոսը եւ իր զեկոյցի ընթացքին խստօրէն դատապարտեց Արցախի դէմ որդեգրուած արտպէյճանական յարձակողապաշտ ընթացքը։ Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Ծերակուտականը ներկայացնելով Արցախի իրավիճակը, յայտնեց, որ Մարտ 24-էն ի վեր ատրպէյճանական բանակը մի քանի անգամ ներխուժած է Արցախի տարածք՝ խախտելով 2020 թուականի նոյեմբերի հրադադարի պայմանագիրը և յստակ դարձնելով Արցախի մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման իրենց մտադրութիւնը։
Իր ելոյթին ընթացքին, ծերակուտական Հուսաքոս շեշտեց, որ մինչ Հայաստան կը յարգէ հրադադարի դրոյթները, ատրպէյճանական կողմը կը խախտէ հրադադարը յստակ դարձնելով, որ նպատակադրած է բռնութիւններու ճանապարհը։ Աւելի՛ն Ատրպէյճանի նպատակն է Արցախի հայ բնակչութիւնը ահ ու սարսափի մատնելով բռնագաղթի ենթարկել։ Հուսաքոս շեշտեց նաեւ, որ միջազգային օրէնքներու համաձայն՝ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ ներկայ րնթացքը կը նկատուի պատերազմական յանցագործութիւն։
Եզրափակելով իր ելոյթը ծերակուտական Հուսաքոս խստօրէն դատապարտեց ատրպէյճանական սադրանքներն ու յարձակումները, միաժամանակ կոչ ուղղելով Գանատայի կառավարութեան դատապարտելու Պաքուի իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը եւ զօրակցելու Արցախի ժողովուրդին։