Գանատայի Խորհրդարանի նախագահի եւ արտգործնախարարի ներկայութեամբ Օթթաուայի մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակը

Գանատայի Խորհրդարանի խօսնակի եւ արտգործնախարարի ներկայութեամբ Օթթաուայի մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակը

Մայիս 1-ին Գանատայի խորհրդարանին մէջ, ներկայութեամբ գանատացի քաղաքական պաշտօնատարներու եւ հայ համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւններու՝ միախումբ եւ միասնաբար ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակը։

Կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 1 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Օթթաուայի Խորհրդարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչում, ներկայութեամբ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի, Գանատայի Խորհրդարանի խօսնակ Կրէկ Ֆըրկըսի, Գանատայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի, Գանատայի խորհրդարանի իշխող Ազատական Կուսակցութեան, ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան, Նոր Դեմոկարատ կուսակցութեան, Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան եւ Կանաչ կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ հոգեւոր հայրերու, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, ինչպէս նաեւ Գանատայի տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու պատուիրակութեանց եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու:

Ոգեկոչումը սկիզբ առաւ Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով, որմէ ետք օրուան հանդիսավար Արեւիկ Աֆարեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ ողջունեց ներկաները, ապա իր մեծ ծնողներուն Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ճողոպրելու պատմութենէն սկսելով հասաւ մինչեւ անոնց Գանատա հաստատուիլն ու իր՝ անոնց ժառանգորդը ըլլալու իրողութեան: Ան յիշեց նաեւ արցախցի իր ընկերոջ պատմութիւնը, որուն հետ Շուշիի մէջ պատերազմէն առաջ ծանօթացած է եւ ընկերացած։ Սակայն 2023 թուականին իր արցախցի ընկերը՝ Շամիկ Սարգսեան, զոհուած էր իր ժողովուրդն ու ընտանիքը պաշտպանելու ընթացքին։ Ան յայտնեց, թէ Շամիկ Արցախի շրջափակման, բռնագրաւման եւ հայաթափման ընթացքին ընտանիքը ապահով վայր հասցնելու ընթացքին ատրպէյճանական բանակին կողմէ ամենայն սառնասրտութեամբ սպաննուեցաւ: «Մենք այս բոլորը յիշելու կարիքը ունինք, ինչպէս նաեւ քայլեր ձեռնարկելու, որպէսզի շարունակուի մեր պայքարը անոնց ուրացման եւ ժխտման դէմ: Մենք պէտք է համախմբուինք՝ կանխելու համար մարդկային կեանքերու կորուստը, ինչպէս նաեւ վերջ տալու մշակութային ժառանգութեանց ոչնչացման», ըսաւ Արեւիկ եւ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու յիշատակը Ցեղասպանութեան եւ Արցախի զոհերուն:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեան անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն Ապրիլ ամսուան ընթացքին՝ յայտնեց, թէ պէտք չէ սահմանափակել ոգեկոչումը, պայքարն ու պահանջատիրութիւնը մէկ ամսուան ընթացքին, այլ ամբողջ տարին, օրն ի բուն պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնենք, որպէսզի յիշենք, յիշեցնենք եւ պայքարինք կանխելու նոր ցեղասպանութիւնները, այլապէս անոնք պիտի շարունակուին, ինչպէս պատահեցաւ Արցախի մէջ: Յիշեց Հայոց Ցեղասպանութեան լուսանկարները արխիւագրող գերմանացի վկայ Արմին Վեկնէրը, որ իր լուսանկարներով փաստած է Եղեռնագործութիւնը։ Ան կոչ ուղղեց պետական բոլոր պաշտօնատարներուն եւ քաղաքական գործիչներուն, որ իրենց կարելիութիւնները ամբողջութեամբ ի գործ դնեն, որպէսզի ցեղասպանը ստանայ իր արդար պատիժը եւ կանխարգիլուին շարունակուող ցեղասպանութիւնները:

Խօսք առաւ Գանատայի Խորհրդարանի նախագահ Կրէկ Ֆըրկըս, որ նախ անդրադարձաւ պատմութեան ընթացքին պատահած ցեղասպանութիւններուն, որմէ ամէնէն սարսափելին Հայոց Ցեղասպանութիւնն էր, ապա յայտնեց, թէ 20-րդ դարու էջը փակելով կարծեցեալ խաղաղութիւն նախատեսուեցաւ, բայց իրականութիւնը եկաւ հերքելու այդ կանխատեսումը, երբ բոլորս ականատեսները կ’ըլլանք աշխարհի վրայ շարունակուող ցեղասպանութիւններուն, որոնցմէ վերջինն էր Արցախի բռնագրաւումն ու արցախցիներուն բռնագաղթը: Ան խօսքը աւարտեց ըսելով. «Յիշելը առանձնապէս բաւարար չէ, այլ հարկ է յարգել յիշատակը զոհերուն եւ կողքին կանգնիլ բոլոր անոնց, որոնք տակաւին կը դիմագրաւեն նման վայրագութիւններ՝ իրենց ցեղային ինքնութեան պատճառաւ»:

Գանատայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան իր պատգամը փոխանցեց ըսելով, որ ցեղասպանութիւնը կը կրկնուի եւ միջազգային ընտանիքը պատասխանատուութիւնը ունի կրելու վերացեղասպանութեան հետեւանքները:

Բեմ բարձրացաւ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ժոլի, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանատան հիմնադրման, որուն բացումին ինք անձնապէս ներկայ եղած էր, եւ որուն միջոցաւ Գանատայի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հայ ժողովուրդին աջակցիլ եւ օգնութեան ձեռք երկարել Արցախէն բռնի տեղահանուած ժողովուրդին: Ան յայտնեց նաեւ իր հիացումը հայ ժողովուրդին գոյատեւման վճռակամութեան Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին մղած գոյապայքարին: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Այսօր հոս եկած ենք ըսելու, որ մենք բոլորս պատրաստ ենք անվերապահօրէն աշխատելու, որպէսզի վերահաստատուի Հայաստանի ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածքային ամբողջականութիւնը»:

Յաջորդաբար խօսք առին Գանատայի խորհրդարանի անդամներ՝ Պահպանողական կուսակցուեան տեղակալ Մելիսա Լանթսմըն, Պլոք Քեպէգուայի կողմէ Գարոլին Տէպիէ, Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ Ալեքսանտր Պուլերիս եւ Կանաչներու կուսակցութեան ղեկավար Էլիզապէթ Մէյ, որոնք խստօրէն դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումն ու Արցախի բռնագրաւումը եւ յայտնեցին իրենց անսակարկ զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը Հայաստանի, Արցախի ժողովուրդին եւ Գանատայի հայ համայնքին:

Օրուան հանդիսավար Արեւիկ Աֆարեան շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ, որուն մէջ մասնաւորեց Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Պրայըն Մէյը՝ սոյն միջոցառման հովանաւորութիւնը ստանձնելուն առթիւ, որմէ ետք ան փոխանցեց իր սրտի խօսքը ըսելով. «Մենք պէտք է լուսարձակի տակ առնենք ողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող վայրագութիւնները եւ բոլորս միասնաբար գործակցելով պէտք է դիմագրաւենք այդ մարտահրաւէրները»:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի հոգեւոր ուղերձով եւ աղօթքով:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«Հորիզոն»

Comments are closed.