Գամիշլիի մէջ թրքական ներխուժման դէմ բողոքի ցոյց
6147
0
Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2019-ի միջօրէի ժամը 1:00-ին, Գամիշլիի գլխաւոր հրապարակին մէջ, Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Աբղ. Եղիայեանն ու Գամիշլիի ազգայինները, հայ կաթողիկէ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր հովիւներուն հետ միասին մասնակցեցան թրքական ներխուժման դէմ Գամիշլիի ժողովուրդին միասնական բողոքի ցոյցին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասարը»։
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին միջազգային ընտանիքին սանձելու Թուրքիոյ վայրագութիւններն ու ներխուժումը սուրիական հիւսիւսային շրջաններ, կանխարգիլելու մարդկային յաւելեալ աղէտներ։