Այսօր Արցախի հերոս, ՀՅԴ Շուշիի առանձին հրաձգային գումարտակի հրամանատարի տեղակալ Պետրոս Ղեւոնդեանի` Պետոյի ծննդեան օրն է:
Ազատամարտիկը ծնած է 1964-ի Յունուար 30-ին, Պռոշեան գիւղը: 1990-ին անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: 1990-1994 թուականներուն մասնակցած է ՀՀ սահմանամերձ շրջաններու ու ԼՂՀ Շահումեանի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Հատրութի շրջաններու տասնեակ բնակավայրերու ազատագրման մարտերուն, Քարվաճառի թշնամական յենակէտերու ոչնչացման գործողութիւններուն:
Նահատակուած է 1994-ի Փետրուար 14-ին` Քարվաճառի մէջ` վիրաւոր զինակիցին օգնութիւն ցուցաբերելու ատեն:
Աճիւնը ամփոփուած է հայրենի գիւղի Ազատամարտի պանթէոնին մէջ:
ԵՊՀ ռատիօֆիզիկայի կաճառի ազատամարտիկ-շրջանաւարտի անունով անուանակոչուած են Պռոշեանի եւ Եղէգնուտի միջնակարգ դպրոցները:
2007-ին անոր հարազատ կաճառին մէջ բացուեցաւ Պետրոս Ղեւոնդեան անունը կրող լսարան: 2010-ի Ապրիլ 10-ին Քաշաթաղի շրջանի Տիգրանաւան գիւղի միջնակարգ դպրոցը անուանակոչուեցաւ Պետրոս Ղեւոնդեանի անունով:
Պետրոս Ղեւոնդեանը յետմահու (2000) արժանացած է Արցախի հերոսի կոչման:
Ըստ Yerkir.am-ի՝ ՀՅԴ Պռոշեանի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Էդուարդ Թովմասեան նշած է, որ Պետոյի իւրաքանչիւր տարեդարձ կը նշուի ըստ պատշաճի. գիւղի` հերոսի անունը կրող դպրոցին մէջ տեղի կ՛ունենան ձեռնարկներ, որոնք կը շարունակուին Ազատամարտի պանթէոնին մէջ:
Այսօր նոյնպէս Պետոյին նուիրուած ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան նաեւ ՀՅԴ Պռոշեանի «Դրօ Կանայեան» կեդրոնին մէջ: