Բողոքի Ցոյցերու Ներքոյ ԱԺ-ն Ընդունած է ԱԺ Կանոնակարգ-օրէնքին Մէջ Փոփոխութիւններու Վիճահարոյց Նախագիծը

ՀՀ ազգային ժողովը, քիչ առաջ իրականացուցած արտահերթ նիստով, 67 կողմ ձայնով ընդունած է Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքին նախագիծը: Ազգային ժողովի յարկին տակ՝ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ այս մասին յայտնած է ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով: «Օրէնքը ընդունուեցաւ 67 կողմ ձայնով»,- ըստ Armenpress.am-ի` նշած է Շարմազանով:

Ան ընդգծած է, որ քուէարկութիւնը քարտերով չէ իրականացած, այլ՝ ձեռքով:

ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Աշոտեան, իր հերթին, յայտնած է, որ նախագիծին կողմ քուէարկած են ՀՀԿ-ն, ԲՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն:

Այն հարցին, թէ ինչու սրած են իրավիճակը, Շարմազանով ընդգծած է, որ իրենք իրավիճակ չեն սրած` շեշտելով, որ այդ նախագիծը արտահերթ ընտրութիւններուն դէմ չէ: «Այս փրէնքը անոր համար էր, որպէսզի Ազգային ժողովը կարենայ իր սահմանադրական լիազօրութիւնները կատարել»,- ըսած է ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.