Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան այցելեց Քեսապ

22 Դեկտեմբերի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Քեսապ, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանի եւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ: Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Յարաբերական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան:

Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ հոգեւոր տեսուչին եւ թաղական խորհուրդին հետ եւ անոնց հետ քննարկեց ներկայ իրավիճակին առնչուող հարցեր:

Այնուհետեւ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Սրբազան Հօր ընկերակցող պատուիրակութեան եւ քեսապահայութեան ներկայութեամբ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քեսապահայութեան փոխանցեց օրուան պատգամը։

Սրբազան Հայրը փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնները եւ յայտնեց, թէ Վեհափառ Հայրապետը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով կը գօտեպնդէ եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ քեսապահութեան:

Անդրադառնալով տիրող իրավիճակին, Սրբազան Հայրը յուսադրեց ժողովուրդի զաւակները, յայտնելով, որ Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային իշխանութիւնը իր բոլոր ուժերով եւ կարողութիւններով միշտ ժողովուրդին կողքին է եւ պիտի մնայ: Ան գօտեպնդեց հաւատացեալները եւ պատուիրեց, որ չվախնան, երեւոյթներէն չազդուին, այլ ընդհակառակը իրենց հաւատքը գործի լծած պայքարին, համբերութեամբ սպասեն եւ անպայման լաւ պիտի ըլլայ։

Comments are closed.