Բանակի Ներկայ Հզօրութիւնը 2016ի Մարտունակութեան Հետ Համեմատելի Չէ. Լեւոն Մնացականեան

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- «Արցախփրէս»ը կը տեղեկացնէ, որ Չորեքշաբթի, 24 Յունուարին հրաւիրած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան յայտարարեց, թէ պաշտպանութեան բանակի ներկայ հզօրութիւնը 2016ի մարտունակութեան հետ համեմատելի չէ:

Խօսելով Արցախի պաշտպանութեան բանակի 2017ին կատարուած աշխատանքներուն մասին՝ Լ. Մնացականեան ըսաւ, որ համարժէք միջոցներու ձեռնարկուած են առաջին հերթին մարտական զօրահաւաքային պատրաստակամութեան համար:

«Կառուցուածքային փոփոխութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ բոլոր առումներով մեր հնարաւորութիւնները աճած են, փոխուած են մօտեցումները պահեստազօրայիններու հետ եւ հաւաքներու միջոցով աւելցած է ռազմաուսուցանուած պահեստազօրներուն թիւը բոլոր մասնագիտութիւններով, աւելի շատ՝ հրասայլային, հակահրասայլային եւ հրետանային ստորաբաժանումներու մասնագէտներու», յայտնեց պաշտպանութեան նախարարը՝ աւելցնելով, որ հիմնական շեշտը շարունակած է մնալ մարտական հերթապահութեան, ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման եւ դիրքապահ զինծառայողներու համար առաւել բարենպաստ պայմաններու ստեղծման վրայ:

Նախարարը յայտնեց նաեւ, որ կատարելագործուած են բոլոր ճարտարագիտական, ամրաշինական կառոյցները, կահաւորուած են նոր դիրքեր: Փորձած են զարգացնել ճանապարհային ցանցը, որ շատ կարեւոր է մարտական գործողութիւններու ընթացքին, հիմնական ուշադրութեան կեդրոնին պահելով անձնակազմի անվտանգութեան ապահովման հարցը: «Հրետանիի, հակաօդային պաշտպանութեան հնարաւորութիւնները նոյնպէս նախկինին հետ համեմատելի չեն: Աւելցուած է նաեւ նշանուղիներու եւ մեր յարձակման ընթացքին խոցուող նշանակէտներուն թիւը՝ գիշերային թէ ցերեկային պայմաններու մէջ: Ճարտարագիտական-թիկունքային ապահովման հարցերով եւս մեծ ծաւալի աշխատանքներ տարուած են, եւ հիմնական շեշտը դրուած է դաշտային պայմաններու մէջ միաւորումներու, զօրամասերու, ստորաբաժանումներու կենսագործունէութեան ապահովման վրայ», ըսաւ Լ. Մնացականեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.