Բագրատունի. «Երբ հիմնահարցեր կան, բնական է, որ եկեղեցին անոնց մասին խօսի»
- (0)

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հայրենի «Ալֆա Նիուզ» լրատուական ցանցին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով հարցումի մը նշեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ վերջին երկու օրերուն արձանագրուած զարգացումները հայերով բնակուած շրջաններէն հեռու են, համայնքը այս հարցին մէջ չէ տուժած, սակայն Լիբանանի ապագային եւ կացութեան առումով հեռանկարային անյստակութիւններ կան, եւ այն, ինչ որ կը պատահի Լիբանանին, բնականաբար կը պատահի Լիբանանի բոլոր քաղաքացիներուն, ներառեալ հայկական ծագումով քաղաքացիներուն»:
«Ներկայ դրութեամբ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան լայնածաւալ յարձակումի վտանգ գոյութիւն չունի, սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ Իսրայէլի ռազմավարութեան մէջ նման ծրագիր չկայ ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի, ներառեալ արաբական եւ ոչ արաբական երկիրներու նկատմամբ:
«Այն, ինչ որ Իսրայէլի մէջ քուլիսներու ետին կայ, միայն այդ երկրի վարչապետը գիտէ, եւ բնականաբար, որոշ չափով նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Խնդիրը զուտ լիբանանեան տեսանկիւնէն կարելի չէ դիտել: Անշուշտ, այդ վտանգը միշտ գոյութիւն ունի, որովհետեւ Իսրայէլի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի», ըսաւ ան:
Պատասխանելով հարցումի մը` Բագրատունի ըսաւ, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններու արշաւին վերաբերեալ լիբանանահայ համայնքին միացեալ դիրքորոշման մասին կարելի չէ խօսիլ, որովհետեւ գոյութիւն ունին տարբեր կուսակցութիւններ, որոնց դիրքորոշումները տարբեր են, սակայն «Լիբանանի համայնքը աւանդապաշտ համայնք է եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ ոչ միայն սէր ունի, այլեւ` գուրգուրանք: Հետեւաբար ես կրնամ հանգամանօրէն ըսել, թէ լիբանանահայ համայնքին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողքին է, իսկ բարենորոգումներու խնդիրը կը նկատենք Ս. Էջմիածինի բացառապէս ներքին շրջանակին վերաբերող հարց:
«Մեր եկեղեցին ընդհանրապէս բարենորոգումներու կարիքը ունի, եւ ասիկա բան մըն է, որ նոր չէ, եւ եկեղեցականները իրենք եւս այս մասին խօսած են, սակայն այդ բարենորոգումները ունին իրենց համապատասխան ձեւը, իրենց պարունակը, եւ ատկէ դուրս որեւէ բան քաղաքական միջամտութիւն կը նշանակէ»:
Բագրատունի աւելցուց. «Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ըսեն, թէ եկեղեցին քաղաքական կեանքին պէտք չէ միջամտէ. «քաղաքական կեանք» ըսելով ի՞նչ կարելի է հասկնալ: Այսինքն` Արցախի անկումը եւ յանձնումը պէտք է դադրի՞ համահայկական հարց ըլլալէ, եւ կ՛ակնկալուի, որ եկեղեցին կարծիք չունենա՞յ այս մասին: Անիկա բացարձակապէս քաղաքական հարց չէ, այլ` հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի լինելիութեան վերաբերող հարց: Եթէ եկեղեցին այլանդակութիւններու եւ մեր պատմական աւանդութիւններուն հակասող երեւոյթներուն դէմ կ՛արտայայտուի, ատիկա քաղաքականութեան միջամտութիւն չէ, այլ` մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի լինելիութեան կապուած խնդիր է: Հայ ժողովուրդին պահպանման կապուած խնդիր է: Հարցերու տարողութիւնը կարելի չէ փոքրացնել:
«Երբ հիմնահարցեր կան բնական է, որ եկեղեցին անոնց մասին խօսի: Փաստօրէն դարեր շարունակ` Օսմանեան կայսրութեան եւ Ցարական իշխանութիւններու օրերուն, երբ քաղաքական ներուժը չենք ունեցած դիմակայելու, եկեղեցին պահած ու պահպանած է մեր ժողովուրդը, մեր գոյութիւնը, աւանդութիւնը, մշակոյթն ու արժէքները, եւ փաստօրէն` հայրենիքը: Հարցերը պէտք է այս տեսանկիւնէն դիտել:
«Այո՛, կրնան կարգ մը հոգեւորականներ քաղաքական դիրքորոշումներ ունեցած ըլլան, սակայն ասիկա որեւէ ձեւով չի կրնար արդարացնել այն արշաւը, որուն նպատակը, ըստ էութեան, մեր ժողովուրդը իր հաւատքէն պարպելն է, եւ ատիկա կը նշանակէ ամբողջութեամբ քանդել մեր ժողովուրդը, ազգային մեր դիմագիծը, եւ մեզ վերածել աշխարհաքաղաքացիներու, որոնց հիմնական մտահոգութիւնը տնտեսական բարւոքութիւնն է, թէկուզ կասկածելի ձեւով եւ ի գին ամէն ինչի»:
Անդրադառնալով Թրամփի խաղաղութեան ծրագիրին` Բագրատունի նշեց. «Ես կը դժուարանամ Թրամփի ծրագիրը կոչել խաղաղութեան ծրագիր: Փաստօրէն, տարբեր-տարբեր շրջաններու մէջ խաղաղութեան անուան տակ հսկայական ոճիրներ կը կատարուին, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով զոհեր ու վիրաւորներ կ՛արձանագրուին:
«Միայն Հայաստանի մէջ այդ խաղաղութիւնը 5000 նահատակի եւ 12 հազար հաշմանդամի ու Արցախի յանձնումի եւ Ազրպէյճանէն Թուրքիա ազատ անցքի իմաստով կը դրուի. ես չեմ կարծեր, որ ատիկա խաղաղութիւն է, այլ խաղաղութեան քողին տակ նոր անձնատուութիւն ու յանձնում է, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը պարպել է իրենց գոյութեան իմաստէն»:
Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ։