Աւստրիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Որդեգրած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Միջնորդութիւնը
2398
0
Աւստրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով առաջարկ-միջնորդութիւնը, որ նախաձեռնած էին Ռէյնհոլտ Լոփաթքան, Էւա Էռնսթ Չիձիչը եւ Փամելա Ռենտի-Վակները: Այս մասին կը հաղորդէ Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբը:
Միջնորդութիւնը որդեգրուած է միաձայնութեամբ` բոլոր խորհրդարանական խումբերուն կողմէ: Միջնորդութեան հիմնական կէտերը կը վերաբերին զինադադարին ուղղուած` Աւստրիոյ եւ Եւրոպական Միութեան ջանքերուն, Թուրքիոյ միջամտութեան եւ զէնքի մատակարարման դատապարտման ու Վիեննայի մէջ խաղաղ բանակցութիւններ կատարելուն: