«Արցախ-Ֆրանսա» Բարեկամութեան Շրջանակի Անդամները Հանդէս Եկած Են Յայտարարութեամբ

Յունիս 17-ին տեղի ունեցած է «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի նիստը, զոր վարած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Հերթական նիստի ընթացքին քննարկուած են բարեկամութեան շրջանակի գործունէութեան ծրագիրներու եւ յառաջիկայի ընելիքներուն վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ վերջին օրերուն Արցախի հետ Ֆրանսայի որոշ քաղաքներու համագործակցութեան հռչակագիրներու չեղեալ յայտարարուելուն: Նիստին հրաւիրուած Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:

Այնուհետեւ նիստին մասնակիցները միտքեր փոխանակած են եւ հանդէս եկած առաջարկներով:

Նիստի աւարտին «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի անդամները հանդէս եկած են հետեւեալ յայտարարութեամբ.

«Ափսոսանք յայտնելով Ֆրանսայի վարչական դատարաններու կողմէ Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս, Պուրկ տը Փէաժ, Առնուվիլ քաղաքներու եւ Արցախի Հանրապետութեան համայնքներու միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան հռչակագիրներու չեղեալ նկատման առիթով,

Ողջունելով նոյն քաղաքներու քաղաքապետներու յայտարարութիւնները` շարունակելու եւ զարգացնելու հաստատուած բարեկամական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ «Ֆրանսա-Արցախ» բարեկամութեան շրջանակի անդամներու` ֆրանսական կառավարութեան ուղղուած կոչը` չտրուելու ազրպէյճանական ճնշումներուն եւ պահպանելու անկողմնակալութիւնը, «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակը, բարձր կը գնահատէ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին հետ տարբեր մակարդակներու վրայ համագործակցութիւնը` իբրեւ մարդասիրական, կրթական, մշակութային, մարմնակրթական եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ երկու ժողովուրդներուն միջեւ շփումներու  խթանման կարեւորագոյն միջոց,

Համոզուած է, որ Արցախի եւ Ֆրանսայի բնակավայրերուն միջեւ ապակեդրոնացած համագործակցութիւնը լաւագոյնս կ՛արտացոլէ  ժողովուրդներու` հաւասարութեան եւ բարի դրացիութեան հիման վրայ  յարաբերութիւններ զարգացնելու յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ազատութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը,

Կը վերահաստատէ Արցախի եւ Ֆրանսայի ժողովուրդներուն միջեւ համապարփակ համագործակցութեան զարգացման նպաստելու իր վճռականութիւնը,

Կոչ կ՛ուղղէ Ֆրանսայի հայկական համայնքին եւ ֆրանսացի գործընկերներուն` աշխուժօրէն շարունակելու աշխատանքները հաստատուած իրական համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ ընդլայնելու ուղղութեամբ»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.