Արցախի Վանք գիւղին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական կեդրոնին
Հոկտեմբեր 19-ին, Մարտակերտի Վանք գիւղին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական կեդրոնին։ Նորաստեղծ կեդրոնը պիտի կրէ Արցախեան ազատամարտի հերոս, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի փոխգնդապետ, ԼՂՀ ԳԽ պատգամաւոր, դաշնակցական հրամանատար Նորայր Դանիէլեանի անունը։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը (ԱԵՄ)։
Գրասենեակի բացման օրը պատահական չէր ընտրուած: Հոկտեմբեր 18-ին Մարտակերտի պաշտպանական շրջանի հրամանատար, դաշնակցնական ընկեր Նորայր Դանիէլեանի մահուան օրն էր: Հրամանատար Նորայր Դանիէլեանը իր ուրույն դերն ու տեղը ունեցած է Արցախեան ազատամարտի ընթացքին յաղթանակներու կերտման գործին մէջ։
«Համոզուած ենք, որ Նորայր Դանիէլեանը խիզախութեան, սխրանքի օրինակ ու ոգեշնչման աղբիւր կը դառնայ մեր երիտասարդների և պատանիների համար: Մենք լիայոյս ենք, որ այս կեդրոնում կը դաստիարակուեն ու կը մեծանան Նորայր Դանիէլեանին արժանի սերունդներ՝ դժուարութիւնները յաղթահարելու, պայքարելու և յաղթելու վճռակամութեամբ լեցուն», կ՚ըսուի ՀՅԴ ԱԵՄ-ի հաղորդագրութեան մէջ։