Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ռազմական խորհուրդի նիստ
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանը յունուար 21-ին Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ռազմական խորհուրդի նիստին՝ նուիրուած 2019 թուականի արդիւնքներու ամփոփման եւ 2020 թուականի ծրագիրներուն:
Իր ելոյթի ընթացիքն նախագահ Սահակեանը նշած է, որ 2019 թուականին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը իրականացուցած է իր առջեւ դրուած խնդիրները, ապահոված է երկրի եւ ժողովուրդի անվտանգութիւնը, տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանումը, եւ Պաշտպանութեան Բանակի անձնակազմը իր այդ առաքելութիւնը իրականացուցած է քրտնաջան ու անձնուէր ծառայութեան շնորհիւ:
Նախագահ Սահակեանը 2019 թուականին բանակաշինութեան ոլորտէն ներս իրականացուած լայնածաւալ աշխատանքներու արդիւնքները գնահատած է բաւարար, տուած համապատասխան յանձնարարականներ ընթացիկ տարուան ընթացքին իրականացուելիք հիմնական խնդիրներու վերաբերեալ:
Նախագահը ընդգծած է, որ Պաշտպանութեան բանակը միշտ եղած է եւ կը մնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան, անվտանգութեան եւ բնականոն զարգացման հիմնական երաշխաւորը։