Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնող Ատրպէյճանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի անդամ ընտրուած է

Այսօր Փարիզի մէջ, 1972 թուականին ստեղծուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի (UNESCO) համագումարին մասնակից պետութիւններուն գլխաւոր համաժողովի 25-րդ նստաշրջանին, Ատրպէյճանը 2025-2029 թուականներուն համար ընտրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի անդամ։

Ըստ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, Արեւելեան Եւրոպայի տարածաշրջանէն մէկ տեղի համար մրցած են հինգ երկիրներ։ Առաջին փուլէն Ատրպէյճանը 160 ձայնէն ստացած է 92-ը։