Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը կործանման վտանգի տակ է. Լեռնիկ Յովհաննիսեան

«Արցախցիներու բռնագաղթէն ետք մեր նիւթական եւ ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը կը գտնուի կործանման սպառնալիքի տակ։ Ատրպէյճանը այսօր այդ հարցին մէջ հատած է բոլոր կարմիր գիծերը, եւ ոչ մէկ միջազգային պայմանադրութիւն այլեւս կը զսպէ իրեն»,– «Արցախի տեղահանումէն ետք. մարտահրաւէրներ եւ լուծումներ» խորագրով «CivilNet»-ի կազմակերպած քննարկման ընթացքին ըսած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ, Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար՝ Լեռնիկ Յովհաննիսեան։

Ան ընդգծեց, թէ առաջին հերթին հայկական մշակութային ժառանգութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ յափշտակման կ՚ենթարկուի։ «Նոյն գործընթացը սկսած է դեռ 1920-ական թուականներուն։ Ատրպէյճանական ժողովուրդի ծագման այսպէս կոչուած “աղուանական” տեսութիւնը մղուած է գերազանցաբար իւրացման քաղաքականութենէն»։

«Յաջորդը՝ ուղղակի ոչնչացումն է։ Տարբեր աղբիւրներէ տեղեկացանք, որ այլեւս գոյութիւն չունին Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ – Կանաչ Ժամը, Բերձորի Սուրբ Համբարձումը, Հադրութի շրջանի Մոխրոնէս գիւղի Սուրբ Սարգիսը, Մարիամաձորի Սուրբ Աստուածածինը։ Վանդալութեան հարիւրաւոր փաստեր ալ կան, որոնց մասին տեղեակ ենք։ Օրինակ՝ Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ թափառող կենդանիներ պահուած են։ Միւսը՝ ամբողջական բնակավայրերու ոչնչացումն է, այսինքն՝ մեզ կը զրկեն մեր պատմական մշակութային բնավայրէն, որ մեր ինքնութեան կարեւորագոյն պայմաններէն մէկն է»,– ըսաւ ան։

Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշեց, որ հայերը Արցախին մէջ թողած են 5658 պատմամշակութային նշանակութեան յուշակոթող՝ որոնց մէջ 385 եկեղեցի, 60 վանական համալիր, 2835 խաչքար եւ 400 գերեզմանոց։ «Այսինքն՝ մեր ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան ծաւալուն մէկ մասը այսօր բռնազաւթուած է թշնամիին կողմէ»,– ընդգծեց ան։