Արցախի մասին Հայ Դատի յանձնախումբի պատրաստած թղթածրարը յանձնուեցաւ Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Շաբաթ, 29 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հ. Յ .Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Ընկ .Վահիկ Յակոբեանն ու Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Գանատայի Արեւմտեան Շրջանի ներկայացուցիչ Ընկ. Վահէ Անտոնեան, Վանգուվըրի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին «S.U.C.C.E.S.S Gala 2020» ձեռնարկին, որուն ընթացքին առամձնազրոյց մը ունեցան Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Հարժիթ Սաճճանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին յատկապէս արծարծուեցաւ Արցախի հիմնահարցը, որուն աւարտին ընկերները Նախարարին ներկայացուցին Հայ Դատի պատրաստած թղթածրարը՝ Արցախի հիմնահարցին վերաբերեալ: Նախարար Հարժիթ խոստացաւ ուսումնասիրել թղթածրարը եւ ի մօտոյ հանդիպում մը նախաձեռնել Հայ Դատի յանձնախումբին հետ, քննարկելու համար, թէ Գանատայի կառվարութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ներդրում ունենալ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Հանդիսութիւնը նաեւ առիթ ընծայեց ընկերներուն հանդիպելու Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի կառավարիչ Աշըլի Չէսթըրի, ընդդիմութեան առաջնորդ Էնտրու Ուիլքինսընի, Կենսուժի եւ Հանքարդիւնաբերութեան նախարար Պրուս Ռոլըսթընի, Ռիչմոնտի քաղաքապետ Մալգըմ Պրոտիի եւ նահանգային, շրջանային ու տեղական քաղաքական գործիչներու հետ: Հանդպումներուն ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-Արցախ , ինչպէս նաեւ հայ գաղութը յուզող հարցեր: