Արցախի հայկական ժառանգութեան Եւ գերիներու ազատ արձակման հարցերը ներկայացուեցան Կրօնական ազատութեան յանձնաժողովին
- (0)

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը եւ անոր ընկերացող իրաւական մասնագէտներ, հոգեւորականներ, պետական պաշտօնատարներ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովին (USCIRF) ներկայացուցին Արցախի մէջ հայ քրիստոնէական մշակութային եւ եկեղեցական ժառանգութիւնը ոչնչացնելու նպատակով Ատրպէյճանի համակարգուած գործունէութեան փաստերը, միաժամանակ կոչ ընելով, որ Պաքուի իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցուի՝ ատրպէյճանական բանտերուն մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայ գերիներուն ազար արձակումը ապահովելու համար։
Պատուիրակութեան անդամները նաեւ իրենց մտահոգութիւնները փոխանցեցին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հայ եկեղեցիին դէմ սկսած անընդունելի արշաւին եւ Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին նկատմամբ սպառնալիքներուն գծով։
Հայ Դատի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Այտա Տիմէճեան, Հայց․ Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմէն Հրանդ քհնյ․ Երէցեան, հայր Սերոբ Ազարեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արտի Քասախեան, Հայ իրաւաբանական միութեան փոխատենապետ եւ Արդարութեան ու մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնի հիմնադիր անդամներէն իրաւաբան Սթիւ Տէտէյեան, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ մարդկային իրաւանց հարցերով ՄԱԿի նախկին պատուիրակ Յարութ Սասունեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային հարցերու համակարգող Կարէն Ճինպաշեան, Հայկական իրաւանց պաշտպանութեան ճակատի վարչութեան անդամ եւ իրաւաբան Անի Նազարեան, նախկին շրջանային դատախազ եւ ամերիկեան բանակի վեթերան Յարութիւն Քասախեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անձնակազմի երկար տարիներու անդամ Ալեքս Մանուկեան։
Իրենց մանրամասն ներկայացումներէն ետք, պատուիրակութեան անդամները նաեւ կոչ ըրին յանձնաժողովին, որ Ատրպէյճանը դասեն «Յատուկ մտահոգութեան արժանի երկիր»ներու կարգին, նկատի առնելով այդ երկրին մէջ կրօնական ազատութիւններու աղաղակող ոտնակոխումները։
Նման դասաւորում մը նաեւ առիթ պիտի ընծայէ մօտէն հետապնդելու հայերու հալածանքը, նպաստելու հայ գերիները ազար արձակելու ջանքերուն եւ քրիստոնէական ժառանգութեան փաստագրուած ոչնչացումը դատապարտելու։