Արցախի հայաթափման ծրագիրը ձախողեցնելու անհրաժեշտութիւն՝ համազգային միասնականութեամբ
Արցախի ազատ շրջաններուն մէջ աւելի քան չորս ամիսէ ի վեր ստեղծուած ծանր իրավիճակը, որ բոլոր տուեալները ունի Սթաթիւս Քոյի մը վերածուելու բոլոր տուեալները ունի, անընդունելի է եւ շատ յստակ է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն արցախահայութեան պարտադրելու, որ ի վերջոյ ծունկի գան եւ ընդունին Ատրպէյճանի կազմին մէջ համարկուելու Պաքուի իշխանութիւններուն առաջարկ- ծրագիրը։
Բնական կազէ, ելեկտրականութեան հոսանքէ, դեղորայքէ, կենսական ապրանքներէ եւ ուտելիքէ զրկուած արցախահայութիւնը տակաւին կը տոկայ եւ չ՛ընդունիր Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն առաջարկը՝ համարկման խնդիրներու շուրջ Պաքուի մէջ քննարկումներ կատարելու վերաբերեալ։ Արցախահայութիւնը յստակացուցած է, թէ քաղաքական բնոյթի ոչ մէկ քննարկում պիտի մասնակցի, եթէ անոնք չկազմակերպուին միջազգային հարթակներու վրայ։ Ասիկա Արցախի իշխանութիւններուն վերջնական որոշումն է, որ տրուած է, հակառակ տիրող անտանելի եւ չափազանց ծանր իրավիճակին։
Եթէ Արցախի կարգավիճակին, արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին եւ քաղաքական այլ հարցերու քննարկում մերժուած է, կը նշանակէ, որ Արցախահայութիւնը իր յստակ պատասխանը տուած է՝ հայաթափման եւ հայաջնջման բոլոր տուեալները ունեցող Պաքուի իշխանութիւններուն հետապնդած ծրագրին։ Ասիկա ցոյց կու տայ արցախցիներուն տոկունութիւնը եւ իրենց հայրենի հողին վրայ ապրելու վճռականութիւնը։ Սակայն խնդիրը կ՛առնչուի կենսական պէտքերու չգոյութեան եւ ատոնց բացակայութեան ապրելու եւ գոյատեւելու գրեթէ անկարելի իրավիճակի մը, որմէ դուրս գալու համար Արցախի իշխանութիւնները քանի մը օր առաջ Պաքուի իշխանութիւններուն հետ հանդիպման առաջարկ ներկայացուցին, որպէսզի մարդասիրական բնոյթի բոլոր հարցերը քննարկման առարկայ դառնան։Հանդիպման վայր նշանակուած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատարութեան նստավայր՝ Իվանեանը, ուր եթէ հանդիպումը կայանայ, սեղանի վրայ պիտի դրուի ելեկտրականութեան հոսանքի եւ բնական կազի հայթայթման, ճանապարհներու՝ գլխաւորաբար Բերձորի միջանցքին վերաբացման հարցերը։ Այլ խօսքով, այն բոլոր խնդիրները, որոնք յարուցուած են Ատրպէյճանցիներուն կողմէ։
Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները՝ Արցախի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեան եւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Ռամին Մամետով Մարտ 1-ին հանդիպում ունեցան Իվանեանի մէջ։ Հանդիպումէն օրեր ետք, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան խորհրդարանին մէջ խոստովանեցաւ, որ Մամետով բանակցութեան եկած էր ատրպէյճանական ծանօթ օրակարգով։ Այսինքն՝ պատրաստ էր քննարկելու «Ղարաբաղի վարչական շրջանի հայ բնակիչներուն Ատրպէյճանի մէջ համարկման հարցը»։ Արցախի ներկայացուցիչը բնականաբար մերժած էր նման քննարկում եւ ատրպէյճանցի պատգամաւորը սպառնացած էր աւելի կարծր կեցուածքներ եւ քայլեր։ Ապա այս հանդիպման յաջորդած էր ատրպէյճանական ուժերու թափանցում եւ արցախցի երեք ոստիկաններու սպանութիւն։ Իսկ Մարտի վերջաւորութեան ատրպէյճանական ուժերը Արցախի տարածքին դիրքային յառաջխաղացք կատարեցին եւ ամբողջական հակակշիռի եւ հսկողութեան տակ առին Ստեփանակերտ – Լիսագոր լեռնային ճանապարհը։ Ատրպէյճանցիք այսպիսով Շուշիի շրջանի արցախեան չորս գիւղերը ամբողջութեամբ մեկուսացուցին եւ Ստեփանակերտի ու անոնց միջեւ կենսական այդ ճանապարհային կապը կտրեցին։
Պաքուի իշխանութիւնները անընդհատ կը սպառնան արցախահայութեան գոյութեան եւ կը ջանան ստեղծել Արցախ մը՝ առանց արցախահայութեան։ Երբ Մարտ 1-ի հանդիպման ատրպէյճանցի պատգամաւորը նոյնիսկ նկատի չառաւ ու չլսեց Արցախի ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարին առաջարկները եւ ներկայացուցած կէտերը, ինչ կը վերաբերի կենսական պէտքերու հայթայթման եւ Լաչինի միջանցքին վերաբացման, ոչ մէկ յոյս գոյութիւն ունի, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պիտի ընդունին Արցախի իշխանութիւններուն առաջարկը եւ Իվանեան պիտի առաքեն իրենց ներկայացուցիչը։Այս ծիրին մէջ Արցախի խորհրդարանական ընդդիմութիւնը հարցականի տակ կ՛առնէ ատրպէյճանցիներուն նման առաջարկ կատարելու Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն քայլը, իսկ Արցախի խորհրդարանի իշխող խմբակցութեան ղեկավար Արթիւր Յարութիւնեան Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն նման առաջարկ կատարելու Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն քայլը կ՛արդարացնէ, նկատել տալով, որ նման ծանր պայմաններուն մէջ որեւէ տեսակի հանդիպում մերժելը առաւել պիտի բարդացնէ իրավիճակը։ Այս տրամաբանութեամբ ալ իշխանութիւնները իրենց առաջարկը կատարած են։
Սակայն խնդիրը էապէս կ՛առընչուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն մշակած հայաթափման քաղաքականութեան, որուն արդիւնքն է՝ Լաչինի միջանցքին փակումը, Արցախի ազատ շրջանները ելեկտրականութեան հոսանքէ եւ բնական կազէ զրկելը, տարրական ուտելիքներու հայթայթումը արգելակելը, դեղորայքի մատակարարում եւ բժշկական օգնութիւն զլանալը։ Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները շատ յստակօրէն մշակած, ծրագրած եւ գործադրութեան դրած են Արցախի ազատ շրջաններու հայաթափման իրենց ծրագիրը, որուն արմատները կ՛երկարին նախկին խորհրդային օրեր, երբ Հայտար Ալիեւ կը ջանար Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հայ բնիկ բնակչութեան թիւը նուազեցնել՝ Արցախի մէջ ատրպէյճանցիներ վերաբնակեցնելով։
Ա. Ա.
Comments are closed.