Արցախի ժողովուրդը ՀՀ ներկայիս իշխանութիւններուն երբեք չէ լիազորած իր անունով հանդէս գալու եւ Արցախը պարզունակ գործարքի առարկայ դարձնելու. Աշոտ Դանիէլեան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեանի յայտարարութիւնը՝

«Վերջին օրերուն Եւրոպական խորհրդարանին մէջ եւ լրագրողներու հետ հանդիպումներու ընթացքին՝ Արցախի եւ Արցախեան շարժման վերաբերեալ տգիտութեան ու կեղծիքի վրայ հիմնուած փաշինեանական «դատողութիւնները» ոչ միայն վրդովմունք յառաջացուցած են մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններով իրականացուած Արցախի բռնազաւթման հետ չհաշտուող մեր հազարաւոր հայրենակիցներուն մօտ, այլեւ կը պահանջեն որոշ մեկնաբանութիւններ․

• Արցախեան շարժման վերաբերեալ անհեթեթ յայտարարութիւնները չեն կրնար վարկաբեկել մեր ժողովուրդին՝ ազատութեան եւ խաղաղութեան համար մղած հերոսական պայքարի այդ լուսաւոր դրսեւորումը։

• Ոեւէ երկրի իշխանութեան՝ ներառեալ Հայաստանի իշխանութիւններու լիազօրութիւնները սահմանափակուած են այդ երկրի սահմաններով։ Այդ սահմաններէն դուրս, այլ պետութեան (անկախ անոր ճանաչուած ըլլալէն կամ ոչ) տարածքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ գործողութիւններու ձեռնարկումը (օրինակ՝ քրէական գործերու յարուցում եւ այլն), այդ պետութեան բնակչութեան իրաւունքներուն վերաբերեալ «որոշումներու» ընդունումը կամ անոր ճակատագիրը տնօրինելը միջազգային հիմնարար սկզբունքներու կոպիտ ոտնահարում մըն է եւ յանցագործութիւն։ Արցախի ժողովուրդը Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայիս իշխանութիւնները երբեք լիազորած չէ իր անունով հանդէս գալու եւ Արցախը պարզունակ գործարքի առարկայ դարձնելու։

• Եթէ եղածը խաղաղութիւն է եւ ոչ թէ բացարձակ ու անդադար անձնատուութեան, ապա ինչո՞ւ ատրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնազաւթուած 240 քառակուսի քիլոմեթր տարածքին մէջ, ինչո՞ւ ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած 150000 արցախցիներ չեն վերադառնար իրենց հայրենի տուները, ինչո՞ւ Պաքուի բանտերէն հայ գերիները չեն վերադառնար հայրենիք, ինչո՞ւ հիմնովին կը ոչնչացուին Արցախի հայկականութեան անհերքելի վկայութիւնները՝ հայկական բնակավայրերը, ծիսական շինութիւնները, պատմամշակութային յուշարձանները եւ այլն։

• Ղարաբաղեան շարժման էութեան եւ վերջին տարիներուն Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած ցեղային զտումներու եւ ցեղասպանութեան գործողութիւններուն նենգափոխումն ու կեղծ «խաղաղութեան» փաթեթաւորումը Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն առջեւ — որոնք տարիներ շարունակ ընդունած են Ատրպէյճանի կատարած յանցագործութիւններն ու Թուրքիոյ մասնակցութիւնը դատապարտող բանաձեւեր — արհամարհանք է այդ կառոյցին նկատմամբ։

• Միջազգային իրաւունքի լիակատար համապատասխանութեամբ եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին ու հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութիւններուն անվերապահ աջակցութեամբ տասնամեակներ շարունակ իրականացուած ինքնորոշման իրաւունքի իրացման գործընթացը «տարածքային վէճի» վերածելը, Ատրպէյճանի քարոզչական թեզերու շարունակական վերարտադրութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ՝ միջազգային իրաւունքի կոպիտ ոտնահարում մըն է։ Վերջին քանի մը տարիներուն միջազգային ատեաններու վերաբերմունքին արմատական փոփոխութիւնը պայմանաւորուած է ոչ միայն աշխարհաքաղաքական զարգացումներով, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու վերաբերմունքով Արցախի եւ Արցախեան շարժման նկատմամբ։

• Մեզի համար զարմանալի չէ, որ Հայրենիք հասկացողութիւնը չընկալողները, 1700-ամեայ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին եւ ազգային հաւատքը ուրացողներն ու ամբաստանողները, խարդաւանքներով եւ աճպարարութիւններով իշխանութեան աթոռները ձեռք բերածներն ու զանոնք պետութեան հետ նոյնացնողները կը փորձեն վարկաբեկել ամէն սրբութիւն՝ ներառեալ մեր ժողովուրդի ինքնութիւնը ձեւաւորող հաստատութիւններն ու գործընթացները, որոնց շարքին է Արցախեան շարժումը։

Արցախի ժողովուրդին՝ ինքնորոշուելու, հայրենիք վերադառնալու, ապահով ապրելու եւ իր սեփական ճակատագիրը տնօրինելու անօտարելի իրաւունքը չի կրնար վերանալ սուտի, կեղծիքի եւ նենգափոխումներու միջոցաւ, կամ դառնալ չնչին գործարքներու առարկայ։

Որպէս Արցախի ժողովուրդի ընտրեալ կառոյցի ներկայացուցիչ՝ կը հաւաստեմ, որ պիտի շարունակենք բոլոր օրինական միջոցներով եւ գործիքակազմերով պայքարիլ Արցախի ժողովուրդի խախտուած իրաւունքներու վերականգնման եւ իրացման համար՝ ունենալով Արցախի եւ արցախցիներու հարցով մտահոգ ուժերու եւ անհատներու շարունակական ու հզօր աջակցութիւնը։»