«Արցախի ժողովուրդը հաւաքաբար հաստատած է իր անկախութիւնը, ժողովուրդի մը անկախութիւնը չի՛ կրնար սակարկութեան սեղանի նիւթ դառնալ». Արամ Ա. վեհափառ
Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը նշելու համար, կիրակի, 17 ապրիլ 2022-ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Անթիլիասի մայրավանքի, մասնակցելու Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հայրապետական Ս. պատարագի մատուցման եւ ունկնդրելու Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը:
Վեհափառ հայրապետը վկայակոչեց Քրիստոսի այն խօսքերը, որոնք արտասանած է իր յարութենէն ետք անակնկալ կերպով աշակերտներուն երեւցած ժամանակ` «Խաղաղութիւն ձեզ, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք», ու վերյիշեցուց հաւատացեալներուն, որ այսօր եւս Քրիստոս կը ներկայանայ մեզի ըսելու` «Մի՛ վախնաք»:
Վեհափառ հայրապետը ապա անդրադարձաւ Հայաստանի ու Արցախի ներկայ կացութեան: Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը չի կրնար անտարբեր ու լուռ մնալ ի տես տիրող կացութեան: Խօսքը ուղղելով յատկապէս Արցախի մեր հայրենակիցներուն` ըսաւ. «Արցախի ժողովո՛ւրդ, կ՛ըսենք` մենք ձեզի հետ ենք, բառին ամէնէն զօրեղ իմաստով»: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ «անկախութիւնը եւ արդարութիւնը աստուածատուր արժէքներ եւ իրաւունքներ են: Արցախի ժողովուրդը հաւաքաբար հաստատած եւ ամրապնդած է իր անկախութիւնը այն հողին վրայ, ուր դարեր շարունակ ապրած ու ստեղծագործած է. հետեւաբար, ժողովուրդի մը անկախութիւնը չի՛ կրնար սակարկութեան սեղանի նիւթ դառնալ», ընդգծեց ան: Իսկ անդրադառնալով Հայաստանի կացութեան` վեհափառ հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց եւ ըսաւ, որ այսօր Հայաստանը լուրջ տագնապներու դիմաց կը գտնուի, եւ մեր սպասումն է, որ Հայաստանի պատասխանատուները, ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդը կարողանան իրենց հաւաքական կամքը հաստատել ամուր կերպով, որովհետեւ ազգի մը ազատ ապրելու կամքը եւ իրաւունքը կարելի չէ՛, այսպէս կոչուած, աշխարհաքաղաքական պայմաններու լոյսին տակ թէական դարձնել:
Իր պատգամի վերջին բաժինով վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Լիբանանի հայութեան, դարձեալ իր հայրական հոգատարութեամբ վստահեցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ գործնապէս կանգնիլ Լիբանանի հայութեան կողքին: Այս իմաստով, վեհափառ հայրապետը նաեւ խօսեցաւ յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ լիբանանահայ գաղութին ներկայացուցչութեան մասին: Ան ըսաւ, որ պէտք է քաջ գիտակցիլ, թէ հայ գաղութը Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկն է եւ ունի իր պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները, որոնք կ՛իրագործուին շնորհիւ խորհրդարանին մէջ մեր արդար ներկայացուցչութեան: Այս գծով, ան յորդորեց լիբանանահայութիւնը, Լիբանանէն ներս թէ դուրս, գործնապէս մասնակից դառնալու համայնքին գործունէութեան` քուէարկութեան ճամբով ընտրելու հայ գաղութի ներկայացուցիչները, որոնք թէ՛ ճանչցուած են գաղութին կողմէ, թէ՛ ալ կը ճանչնան հայ գաղութը. «Ճիշդ է, որ Լիբանանի խորհրդարանէն ներս բոլոր երեսփոխանները լիբանանեան դրօշին տակ Լիբանանը կը ներկայացնեն, սակայն հոն մուտք կը գործեն համայնքի անունով: Հետեւաբար, մեզի համար ընդունելի չէ, որ պատահական անձեր հայ համայնքը ներկայացնեն խորհրդարանին մէջ»: Հետեւաբար, ոեւէ անձ, շահագործելով իր համայնքային պատկանելիութիւնը, չի կրնար ներկայացնել հայ գաղութը, ըսաւ ան: