Արցախի Թեմին Առաքելութիւնը Հիմա Աւելի Մեծ Է. Արցախի Թեմի Առաջնորդ
Փետրուար 7-ին Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի թեմակալ առաջնորդի առաջին պատարագը: Իսկ այս ընթացքին շարք մը կարեւոր քայլեր արդէն ձեռնարկուած են․ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարին եւ Արցախի միւս` հայկական կողմի վերահսկողութենէն դուրս մնացած վանական համալիրներուն մէջ, ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեամբ
կը կատարուին հոգեւոր առաքելութեամբ բանակցութիւններ, նոյնիսկ՝ բարձրաստիճան քննարկումներ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Artsakhpress.am-էն։
Արցախի թեմի նորանշանակ առաջնորդը լիայոյս է, որ դրական արձագանգները պիտի չուշանան:
Նամակներ ուղղուած են նաեւ Արցախի մէջ հասատատուած ռուսական խաղաղապահ զօրքերու հրամանատար Ռուստամ Մուրադովին` հայկական կողմի վերահսկողութենէն դուրս մնացած տարածքներէն հոգեւոր արժէքները հանելու համար: Յառաջիկայ օրերուն կ’ակնկալուի պատասխան:
«Արցախի թեմը պատերազմի այս ելքին պատճառով սեղմուած է, փոքրացած է, սակայն առաքելութիւնը մեծ է, հիմա` աւելի մեծ»,- ըսած է Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, որ նախապէս Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդն էր: