«Արցախը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» խորագրով առցանց լսարան

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Սառա Գորնինկ ցեղասպանութեան ուսուցման կեդրոնի կազմակերպութեամբ, Ապրիլ 21-ին կը կայանայ առցանց լսարան «Յիշողութիւն եւ արդարութիւն. Արցախը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» խորագրով։

Լսարանի գլխաւոր բանախօսներն են Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախագահ փրոֆ. Հէնրի Թէրիօ, Ամերիկեան Գոնկրէսի գրադարանի հայկական եւ վրացական հաւաքածոներու ղեկավար դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան եւ Ցեղասպանութեանց հատուցման մասնագէտ դոկտ. Ժերմէն Մգալփին։

Առանց լսարանին հետեւիլ Հայ դատի յանձնախումբի Ֆէյսպուքեան հարթակով՝

https://www.facebook.com/ArmenianNationalCommitteeofCanada

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.