Արցախը Ազրպէյճան Չէ եւ Երբեք Պիտի Չըլլայ․ Խաղաղ Հաւաք Ստեփանակերտի Մէջ՝ Յանուն Արցախի Ժողովուրդի Իրաւունքներու

Ստեփանակերտի մէջ արցախցի կանայք իրենց փոքրիկներուն հետ իրականացուցած են խաղաղ հաւաք՝ յանուն Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն։ Հաւաքին նպատակն է արցախցիի ձայնը միջազգային հանրութեան համար լսելի դարձնելը։

«Եթէ այսօր լռէք, վաղը պատմութեան էջերուն մէջ նոր արիւնալի էջեր պիտի ըլլան։ 44-օրեայ պատերազմին կորսնցուցած եմ ամէն ինչ, անգամ՝ հօրս գերեզմանին ներկայանալու պատիւը։ Այսօր Արցախի մէջ եմ եւ պիտի ապրիմ այստեղ մինչեւ կեանքիս վերջը, քանի որ Արցախը իմ տունս է, մենք պէտք է պայքարինք մինչեւ վերջ։ ՄԱԿ-ի անդամները այցելած են գրաւուած Շուշի, բայց չեն այցելած Ստեփնակերտ, որպէսզի տեսնեն, թէ ինչ անմարդկային պայմաններու մէջ կ՝ապրինք եւ կը ստեղծագործենք»,- ըսած է հաւաքի մասնակիցներէն մէկը։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.