Արցախէն Սուրիա… Մարդկային Իրավիճակի Շուրջ Միջազգային Ամլութիւն
Արցախի աւելի քան մէկ ամսուան շրջափակումը, հակառակ հնչող բազմապիսի կոչերուն, գործնական ոչ մէկ արձագանգ գտաւ: Եթէ նկատի չառնենք մարդկային աղէտալի վիճակը բարելաւելու մարդասիրական սահմանափակ օժանդակութիւնները, յստակօրէն կը տեսնենք, որ միջազգային ընտանիքը, ՄԱԿ-ը գործնական ոչ մէկ քայլի կը նախաձեռնեն մարդկային աղէտը կանխելու համար:
Անկախ երկիրներու քաղաքական դիրքորոշումներէն` մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան անունով հանդէս եկող կազմակերպութիւններ, պետութիւններ կոչերէն մէկ քայլ անդին չեն անցնիր անարդարութեան վերջ տալու եւ Արցախի բնակչութեան կենսական իրաւունքները վերականգնելու համար:
Առիթը շահագործելով, Ազրպէյճան մարդկային ճգնաժամէն անդին անցնելով, Արցախը հայաթափելու հեռահար ծրագիր կը մշակէ` կոպտօրէն խախտելով իր իսկ ստորագրած 9 նոյեմբերի տխրահռչակ համաձայնագիրն անգամ:
Հարաւային Կովկասէն ոչ շատ հեռու` Սուրիոյ մէջ եւս մարդկային աղէտալի իրավիճակ կը տիրէ: Ձմրան ամենացուրտ օրերուն մարդիկ զրկուած են վառելանիւթէ եւ ելեկտրականութենէ, դեղորայքի տագնապը տակաւ կը սաստկանայ: Բնակչութիւնը, անկախ տնտեսական տագնապէն, առողջ ապրելու նուազագոյն պայմաններն իսկ կը դժուարանայ ապահովել:
Գերպետութիւններու բախող շահերը կուրցուցած են անոնց ղեկավարներն ու ամլացուցած` մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մեքանիզմները:
Ճիշդ է, որ քաղաքական առումով երկու հանրապետութիւններու` Սուրիոյ եւ Արցախի, դիմագրաւած հարցերը բոլորովին տարբեր են, սակայն մարդկային իրավիճակները համարեա՛ իրերանման են: Նման աղէտներ արձագանգի պէտք է արժանանան ու բողոքի լայն ալիք բարձրացնեն աշխարհով մէկ, յատկապէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ հանդէս եկող, սակայն ամլացած կազմակերպութիւններու կառոյցներուն դիմաց` նախ կասեցնելու մարդկային կեանքին սպառնացող շրջափակումները, ապա` դատապարտելու աղէտը քաղաքական նպատակներու ծառայեցնող պետութիւններ եւ, վերջապէս, պատասխանատուութեան հրաւիրելու նման աղէտներու պատճառ դարձող կողմեր:
Եթէ Սուրիոյ տասնամեայ պատերազմը ցոյց կու տայ, որ ժողովուրդը իր միասնակամութեամբ կրնայ յաղթահարել նման աղէտներ ու վերականգնել երկրի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը` օգտուելու իր իսկ երկրին անսահման հարստութիւններէն, Արցախի պարագային ազրպէյճանական կողմին ոտնձգութիւնները մեծագոյն ապացոյցն են այն իրողութեան, որ Արցախի բնակչութեան փրկութիւնը կարելի կրնայ դառնալ միայն Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումով:
Քաղաքական ծրագիրները, սակայն, աշխարհաքաղաքական ներկայ եռուն վիճակին մէջ երկար ժամանակի ու քաղաքական բարդ բանակցութիւններու կը կարօտին կեանքի կոչուելու համար, էականը մարդկային աղէտներու կանխումն է առաջին հերթին: Աղէտներ, զորս կարելի է կասեցնել, եթէ մարդկութիւնն ու մարդկայինը զերծ կացուցուին քաղաքական հաշիւներէ: Այլապէս, ի՞նչ նպատակով յառաջացած են ու կը շարունակեն գործել մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնները…
Խմբագրական «Գանձասար»-ի