Կը պատահի՞ որ մտածենք՝ ինչպէ՞ս խօսիլ եւ ի՞նչ ըսել նորահաս եւ գալիք սերունդներուն:
Չեմ գիտեր թէ ե՞րբ, ո՞ւր եւ ի՞նչ առիթով առաջին անգամ գործածուեցաւ ներշնչող «եռամիասնութիւն» պոռոտ բառակապակցութիւնը:
Միասնութեան եւ անոր հունով հզօրացման մասին եղած հրապարակագրական, հրապարակախօսական, գրական-բանաստեղծական խօսքերը չիրականացող կախարդական ցանկութիւններու եւ երազներու բացակայութիւնը շղարշող աղմուկ են:
Հայը միշտ ունեցած է միասնութեան երազ, բայց միշտ բազմապատկած է անոր իրականացման դէմ խոչնդոտները, միշտ յոգնակի, միշտ լայնածիր՝ պատմական եւ աշխարհագրական ընդլայնումով եւ նօսրացումով:
Վկայ՝ մեր պատմութիւնը՝ իր «նախարարութիւններ»ով:
Վկայ՝ մեր «քրիստոնէութիւնը»՝ իր դաւանական, աթոռական, յարանուանական պատկանելիութիւններով եւ բազմագլխանիութեամբ: Անուններ եւ իշխանութիւններ: Նոյնիսկ եթէ գոյութին ունին փոխադարձ հանդուրժողութիւն եւ զանազան բնոյթի համագործակցութիւններ, կա՞յ միասնութիւն: Տեսականօրէն դաւանելով հանդերձ նոյն ՀԱՒԱՏՔը, ունի՞նք ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ, թէ՞ ընդունուած կարգ է բազմազանութիւնը եւ ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ կը մանրուինք: Մանրուելով ուժ կը դառնա՞նք, թէ եսեր կը շոյենք :
Վկայ՝ մեր լեզուն՝ իր բարբառային, բառամթերքային կուտակուող խայտառակ ներածումներով եւ ուղղագրական տարբերութիւններով:
Վկայ՝ անցեալի եւ ներկայի տեւաբար աճող եւ բազմացող քաղաքական բազմագլխանիութիւնը, որ յոգնակի է նաեւ ներքնապէս՝ իր բան չնշանակող բաժանումներով, զորս կը կոչենք պառակտում, չենք անհանգստանար եւ կը շարունակենք այնպէս, որ կարծէք ան մեզի չի վերաբերիր:
Օր մը քաջութիւն եւ իրատեսութիւն կ’ունենա՞նք միասնութեան չգոյութեան պատճառները հասկնալու փորձ ընել, tabula rasa ընելով, նախ ըսելու, թէ՝ միասնութիւնն ի՞նչ ընելու համար է, ապա միայն, ինչպէ՞ս, առանց բանտարկուելու մեծ բառերու մէջ, ինչպէս՝ ռազմավարութիւն, մարտավարութիւն, տիալեքթիք, տեսութիւններ, այս կամ այն «իզմ»եր, իմաստութեամբ, խօսիլ եւ գործել, հետեւելով իմաստասէրի ըսածին,«մերկ եւ պարզ հոգիով փորձել ըմբռնել վիճակները», ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի, այլ յաւելեալ պարտքի գիտակցութեամբ:
Ժամանակակից արտայայտութիւններու մէջ, հանդիսութիւններ եւ ժողովներ յուզած ԵՌԱՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆը ի՞նչ ճակատագիր ունեցաւ բացի ամբոխավարական աղմուկէ, լրագրական եւ խօսափողային զարդարանքէ, բարեսիրական ինքնագոհութենէ: Ապիկարութեամբ, մնացինք հոն ուր որ էինք եւ շարունակեցինք նոյն յանկերգներով օրօրել եւ օրօրուիլ, միշտ՝ ներսը եւ դուրսը: Միասնութեան երեքը հիմա արդէն մէկով նուազած է: Երկրորդ մէկը երրորդ մէկին կողմէ երբեք նկատի չէ առնուած որպէս քաղաքական որոշիչ ազդակ:
Խօսեցանք «Սփիւռք», մենք մեզի շնորհելով այն խաբկանքը, որ ան մէկ է, երբ ան բազմակտոր է, բազմաթիւ անգամներ կոտորակուած, ինքզինք կոտորակող եւ բազմագոյն, միշտ տարածուող եւ նօսրացող:
Եթէ դադրինք սովորական իրականութիւններէ խուսափող հարգախօսներ եւ հռետորաբանութիւննր կրկնելէ, փորձենք հասկնալ, թէ հասարակաց ի՞նչ ունին տարբեր «սփիւռքներ»ը, անոնք ինչպէ՞ս կը հաղորդակցին, մէ՞կ են, կը դառնանք իրատես:
Ի՞նչ է եւ ի՞նչ կը ներկայացնէ «Քորտոպայի սփիւռք»ը Մարսիլիայի կամ Հալէպի սփիւռքին համար, ի՞նչ գիտեն իրարու մասին, հասարակաց ի՞նչ ունին: Առանց այս «գիտնալ»ու, կարելի չէ խօսիլ «Սփիւռք»ի մասին, որ տարտղնուած եւ տեւաբար տարտղնուող է, հին-նոր, եւ կրկնակի գաղթականներու երեր երթով կողմնացոյց չունեցող մոլորակային միգամած: Չենք անդրադառնար, որ անհեթեթ է Փարիզ կամ Նիւ Եորք, նոյնիսկ Երեւան, սփիւռքի հարցերով ինքնաշնորհուած իրաւունքներով ժողովներ գումարել, փորձել ուղղութիւն ճշդել, որոշումներ կայացնել, երբ տուեալներ չունինք Լեհաստանի, Պրազիլի, Հարաւային Ափրիկէի, Եթովպիոյ կամ Քամըրունի եւ այլ սփիւռք«ներ»ի մասին:
Կ’ըսենք, որ Սփիւռքը տասը միլիոն է: Ինչո՞ւ չըսել քսան կամ երեսուն: Ո՞վ ճշդած է: Քուպա եւ Հալիֆաքս հայեր եղած են, ի՞նչ է անոնց թիւը, ո՞վ ի՞նչ գիտէ անոնց մասին: Գնահատուող միլիոններուն մէջ անոնք ո՞ւր արձանագրուած են:
Ըսի՝ միգամած, ուր տեւաբար կը բազմապատկուին հանգամանքներ, ինքնախաբէութեան ծառայող երեւելիութեան հանդէսներ:
Մտածուա՞ծ է Սփիւռքի մարդահամար մը կազմել, գիտնալու համար, թէ «ո՞ւր» ենք, ի՞նչ ենք»: Կուսակցութիւններ, եկեղեցիներ, պետութիւն եւ հրապարակագիրներ կը խօսին ՍՓԻՒՌՔ, բայց ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ի՞նչ մարդկային եւ հայկական հաստոութիւն կայ այդ յղացքի ետին: Չենք գիտեր, տուեալներ չունինք, դատապարտուած ենք մասնակիի, թաղայինի, համայնքայինի եւ աժան ամբոխավարութեամբ սահմանափակման: Եւ միասնութիւնը կը մնայ խօսք եւ երազ: Ղեկավարութիւններն ալ կ’ըլլան բազմանուն եւ բազմաձայն մանր քաղքենիական շաբաթավերջի հանդէսներ:
Եթէ միասնութիւն ունեցած ըլլայինք, անոր մասին չէինք խօսեր: Միասնութիւնը կ’ապրէինք, ինքնախաբէութիւնը ինքնաբաւութեան կանոն չէր ըլլար :
Ո՞վ կ’արգիլէ կամ կը խոչնդոտէ միասնութիւնը: Մեծ իմաստուն ըլլալու կարիք չկայ հասկնալու եւ տեսնելու, որ մենք կը խոչնդոտենք միասնութիւնը, կամ պարզապէս ախտաւոր կերպով անատակ ենք միասնութեան: Կը խօսինք ԱԶԳի մասին, որ կ’ենթադրէ ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ՝ իր բոլոր ձեւերով:
Ի՞նչ ըրած ենք եւ կ’ընենք չեղած մէկութիւնը ստեղծելու համար:
Միասնութիւնը կը ստեղծուի կազմակերպութեամբ, որ կը հիմնուի իրատեսութեան, առարկայական եւ փաստացի քննադատութեան վրայ, որպէսզի չըլլայ առանձնութեան մէջ որոճացուած թուղթ մրոտող եւ սրահ աղկմող տեսութիւն: Կա՞յ այլ ձեւ: Ժամանակակից արհեստագիտութեան ընծայած համացանցային պատուհանները աւելի շեշտեցին հակամիասնութիւնը, քանի որ մի ոմն բանգէտ կամ փառասէր դժգոհ իր ինքնաբաւարարման հանդէսները կը կազմակերպէ քննադատելով, սեւցնելով, եթերի մարգարէ դառնալով, այլակարծութեան եւ ազատութեան ամպհովանիի տակ դիպաշարներ հեղինակելով:
Գործած ենք եւ կը գործենք արեւին տակ տեղ մը ունենալու համար: Օրին, ոչ ոք գայթակղած էր, տեսնելով որ պզտիկ գաղութի մը մէջ կային, կազմակերպութիւն խոշոր բառով ներկացող խմբակներ որոնք պզտիկ քաղաքի մը մէջ ունէին նոյն շէնքի մէջ, նոյն յարկին վրայ երկու ԴՐԿԻՑ ակումբներ, մեծ քաղաքի մը հայկական մեծ գաղութի մը մէջ, փողոցի մէկ կողմի մայթին վրայ գտնուող դպրոցի մը դիմաց, միւս մայթին վրայ կառուցուած էր նոր դպրոց, թաղամասի մը մէջ ուր կային ուրիշ դպրոցներ ալ: Քաղաքական համարուած կողմնապաշտութիւնը բթացուցած էր ազգային իրատեսական քննադատութիւնը: Այս (չ)ըմբռնումով ալ բազմապատկած ենք եւ կը բազմապատկենք կուսակցութիւններ, միութիւններ, թերթեր, հայերէն եւ օտարալեզու: Հիմա՝ ամէն կշիռէ զուրկ եւ զերծ՝ համացանցային:
Ինչպէ՞ս միանալ, միացնել, նայիլ նոյն ուղղութեամբ, որպէսզի ըլլանք ուժ, մնանք պատմութեան բեմին վրայ, տեւաբար չպարտուինք :
Յատկանշական է փոքրիկ Հայաստանի պարագան, ուր կը բազմապատկուին «կուսակցութիւններ»ը:
Ինչպէ՞ս « Հայաստան» նաւը ապահով նաւահանգիստ հասցնել բազմաթիւ նաւապետներով եւ ղեկը բռնածներով:
Մէկութիւն-միասնութիւն նուաճելու համար, ինչպէ՞ս վերջ տալ «բազմաթիւ»ին, բազմագլխանիութեան, որ յոգնակի է միշտ եւ ամենուրեք: Տեսակաւոր ժողովներէն մէկը եթէ գումարէինք «միասնութիւն ստեղծել»ու օրակարգով, քաջութեամբ քննելով, անհատական եւ հաւաքական ինքնաքննադատութիւն ընելով, նուազ կը պարտուէինք:
Միասնութեան բացակայութեան պատասխանատուութիւնը չենք կրնար վերագրել ո՛չ թուրքին, ո՛չ ռուսին, ո՛չ պարսիկին, ո՛չ եւրոպացիներուն, ո՛չ ամերիկացիներուն, ո՛չ Հռոմի, ո՛չ Արաբիոյ: Պատասխանատու ենք մենք, անհատաբար եւ հաւաքաբար, ընչաքաղցութեամբ, իշխանատենչութեամբ, փառասիրութեամբ, եսապաշտութիւն-մորթապաշտութեամբ:
Ինքնամաքրում ընելու համազգային բարոյական ըմբռնում պէտք էստեղծել, իրաւ հաւատացեալի ոգիով:
Հաւաքական կեանքի պարզ իմաստութիւնը չունինք, չենք գիտեր «դուն ալ իրաւունք ունիս» ըսել, չենք գիտեր «սխալեցայ» ըսել, ամերիկացիի բարքերը շուտ կ’իւրացնենք, բայց ոչ «ճիշդ մարդը ճիշդ տեղը» դնելու եւ տեսնելու իմաստութիւնը, the right man in the right place, որ կը նշանակէ մեր գրական հայերէնի բառով «անձնուրաց» ըլլալ, կամ ֆրանսացի իմաստուն Մոնթէնյի հետ ըսել, որ «եսը ատելի է»:
Եթէ հնարաւոր ըլլար խումբ առ խումբ հոգեբարոյական դարմանումի հետեւիլ, «group therapy», պատասխանելով պարզ հարցումներու. «Ունի՞մ պատրաստութիւն եւ կարողութիւն գտնուելու համար այն դիրքին եւ պաշտօնին վրայ՝ ուր կամ կամ կ’ուզեմ ըլլալ: Երբ պարզ հաշուապահութիւն չենք գիտեր, ինչպէ՞ս կրնանք յաւակնիլ դրամատան տնօրէն ըլլալ, ի՞նչ ընելու համար:
Ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, կրթական, կրօնական, զինուորական եւ մշակութային պատասխանատուութիւնները կը պահանջեն համապատասխան պատրաստութիւն: Գիւղի որսորդի հրացանի գործածութեան փորձը բաւարար չէ զօրագունդ եւ բանակ առաջնորդելու: Առանց հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ գիտնալու ինչպէ՞ս կարելի է առաջնորդի դեր ստանձնել, դպրոցի տնօրէն ըլլալ, հայկական մամուլ ղեկավարել, այդ ընելու ցանկութիւն ունենալ եւ թութակաբանութիւններով հրապարակ զբաղեցնել:
Միասնութիւն ստեղծելու համար նախ պէտք է գիտնանք, թէ ի՞նչ կը ներկայացնենք որպէս իրաւ համրանք: Ապա պէտք է գիտնանք այդ համրանքի ազգային որակի խտութիւնը, որ ընդհանուր բնորոշումով մշակութային եւ ազնիւ սահմանումով քաղաքական է, տէր ըլլալու համար ազգի իրաւունքին եւ ինքնութեան, այլապէս կը խրինք «ծագումով» կամ «զգացումով» հայ ըլլալու անորոշութեան ճահիճին մէջ:
Քաղաքական-պետական առաջնահերթութիւն է հայկական համրանքի եւ միացման ռազմավարութեան մը ճշդումը, որ որակապէս տարբեր խորք եւ իմաստ պէտք է ունենայ սովորական զուարճացնող զբօսաշրջութենէ եւ խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութենէ, որոնք իրաւունքի եւ ինքնութեան վերականգնումի նպատակային քաղաքականութեան փոր չկշտացնող զատկական հաց են:
Այս հարցերով խորհրդաժողով-գիտաժողով մը կարելի է՞ կազմակերպել անոնցմով, որոնք մարդկային, գիտական եւ նիւթական կարողականութիւնը ունին որոշումներ կայացնելու եւ իրագործելու, որպէսզի առարկայականութեամբ գիտնանք, թէ ի՞նչ ենք եւ ի՞նչ կը կշռենք:
Միթէ՞ կարելի չէ այդ ընել մեր սովորական ենթակայական, մենք ու մերոնքի, ցուցադրական անվաղորդայն թափահարումներէ անդին անցնելով, հեռուն նայելով, առանց հրճուելու յարդի բոցերով, գերանցելով ամուլ եւ ամլացնող մրցակցութիւնները, նախ իրարու քով բերելով հեռանկար ունեցող եւ գործին ատակ մարդիկ:
Հայ մտաւորականութիւնը հանրային կարծիք պէտք է պատրաստէ զայն լուսաբանելով, որպէսզի այդ հանրութիւնը ըլլայ պահանջող եւ աչալուրջ հսկող:
Մտաւորականութիւնը յանդգնութիւն պէտք է ցուցաբերէ շագանակները կրակէն հանելու հետեւողական կամք, եւ տարտղնուած զանգուածները վաղ թէ ուշ կը հասկնան, կը հետեւին, կը պահանջեն, զօրավիգ կ’ըլլան: Մտաւորականութիւնը պէտք է առաջնորդուի այն իրատեսական, միտքով, որ առանց գիտակից եւ յանձնառու զանգուածի նեցուկին, ամէն կարգի վերականգնումի նախաձեռնութիւն կը մնայ չարչրկուած թուղթի վրայ տող, եւ ակնթարթ մը միայն ամբոխ կը յուզէ:
Միշտ մտածել, նախաձեռնել, առաջնորդել եւ առաջնորդուիլ «the right man in the right place»-ի իմաստութեամբ:
Այլապէս գնացքները կ’անցնին եւ մենք կը մնանք հոն ուր որ ենք: Եւ գալիք սերունդներուն կը կտակենք տեսակաւոր «ամեակ»ներով յուզուելու տաղասացութիւն, համացանցով, մրոտուող թուղթով եւ խօսափողային աղմուկով:
Մեծ յեղափոխական մը ըսած էր. «Գործն է միայն կենդանի»:
Մտաւորականութիւնը պէտք է ըսէ, թէ այսօր անհետացման վտանգի ենթակայ ազգին համար Ի՞ՆՉ Է ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԿԵՆԴԱՆԻ ԳՈՐԾԸ, որպէսզի մեր պաատմութիւնը, ինքնութիւնը եւ իրաւունքը ճիշդ ուղիի վրայ դրուին, գնացքի ճիշդ երկաթ գիծին վրայ, եւ շուարած չմնանք բազմանուն եւ անանուն կայարաններու քարափներուն վրայ, ազատութեան եւ արդարութեան փերեզակներէն հրաշք, եւ ողորմութիւն սպասելով:
Comments are closed.