Արսէն Գէորգեանի մահուան հանգամանքները լուրջ հարցականներ կը յառաջացնեն. փաստաբանները անկախ քննութիւն կը պահանջեն

ԵՐԵՒԱՆ.- Ստեփանաւանի համայնքապետի՝ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան թեկնածու Արսէն Գէորգեանի մահը «Նուբարաշէն» քրեակատարողական հիմնարկին մէջ քաղաքական եւ իրաւական բուռն հակազդեցութիւններու պատճառ դարձած է։ Անոր փաստաբանները կը պահանջեն մահուան հանգամանքներուն ամբողջական, անկախ եւ անաչառ քննութիւնը՝ կասկածի տակ դնելով կալանավայրին մէջ ցուցաբերուած բժշկական օգնութեան պատշաճութիւնը։

46-ամեայ Գէորգեան մահացած էր նոյեմբեր 10-ի առաւօտեան։ Ան կալանաւորուած էր հոկտեմբեր 21-ին՝ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն չորս օր առաջ, ընտրակաշառք բաժնելու մեղադրանքով, զոր մերժած էր։ Դատարանը որոշած էր զայն երկու ամիս նախնական կալանքի տակ պահել։

Փաստաբանական խումբը նոյեմբեր 11-ին յայտարարեց, որ Գէորգեանի առողջական վիճակի վատթարացման պահուն զինք զննած է կալանավայրի բուժակը, մինչ շտապ բժշկական օգնութիւնը ժամանակին ապահովուած չէ։ Փաստաբանները նաեւ կը վիճարկեն անոր երկարատեւ կալանքը արդարացնող հիմքերը։

Քրէակատարողական ծառայութիւնը, իր կարգին, հրապարակեց տեսախցիկներու արձանագրութիւններուն վրայ հիմնուած ժամանակագրութիւն մը՝ նշելով, որ բուժակը խուց մտած է ժամը 7։43-ին, իսկ շտապօգնութեան անձնակազմը՝ 8։13-ին։ Մահը արձանագրուած է շուրջ ժամը 8։30-ին։

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նախաձեռնած է առանձին ուսումնասիրութիւն, իսկ Քննչական կոմիտէն՝ քրէական վարոյթ եւ դատաբժշկական փորձաքննութիւն։

Ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը իշխանութիւններուն պատասխանատուութեան հարցը կը բարձրացնեն՝ միաժամանակ դատապարտելով նախնական կալանքը քաղաքական ճնշումի միջոցի վերածելու գործելակերպը։

Մահուան վերջնական պատճառը եւ բժշկական միջամտութեան պատշաճութիւնը տակաւին պէտք է ճշդուին քննութեամբ։