Արխիւներս, մե՜ր արխիւները…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Խոստացեր էի գրել, շարունակե՛լ գրել զիս մտահոգող հարցերու մասին։

Կրնամ անվարան ըսել, որ այդ հարցերէն ամենէն հրատապը արխիւներուս ճակատագիրն է։ Անմիջապէս շեշտեմ, թէ երբ կը խօսիմ սեփական արխիւներուս մասին, անմիջապէս անոնց հետ զուգահեռ ճամբով միտքս կը խոցէ մեր հաւաքական արխիւներու վիճակը։

Բայց խօսելէ առաջ անոնց մասին, կ՚ուզեմ նշել, որ ասիկա միայն անձնական, միայն հայկական խնդիր ալ չէ։ Այս օրերուն ահա այստեղ՝ Մոնթրէալի մէջ, մեծ մտահոգութեան առարկայ են երկու կարեւոր հաստատութիւններու արխիւները, որոնց տխուր կացութեան մասին տեւաբար կ՚անդրադառնան տեղական օրաթերթերը։ Մէկը Քեպէգի ազգային գրադարանի ու արխիւներու հաստատութիւնն է, որուն արխիւներու թուայնացման ու պահպանման համար անհրաժեշտ գումարները գոյացնելու դժուարութիւն կամ դժկամութիւն կայ, միւսը Սուղպիկեան հայրերու (Sulpiciens) արխիւներն են, չեմ գիտեր քանի տասնեակ քիլոմեթր երկարութեամբ, որոնց վիճակին մասին ոչ մէկ յստակ տեղեկութիւն կը տրուի։ Մոնթրէալի, Քեպէգի հիմնադրութեան ամբողջ պատմութիւնը կը բովանդակեն անոնք, ու ոչ մէկ հաւաստիք կայ, որ չեն ենթարկուած փճանալու վտանգին։

Գանք սակայն սեփական արխիւներուս, որոնք դասաւորման բազմաթիւ դարակներու եւ գրադարաններու մէջ, տուփերով, կը սպասեն՝ վերը յարկաբաժնիս մէջ, իսկ վարը՝ շտեմարանին։ Կը սպասեն, բայց ինչի՞ կը սպասեն։

Օրին, երբ կը պատրաստուէի գրել «Ոստայն 4 – Իմ ուղեպատումը» հատորս, ես դիմեցի այդ աղբիւրներուս։ Գիրքը լոյս տեսնելէ ետք «Իմ ուղեպատումին պատումը» յօդուածովս («Ասպարէզ», 2014-01-14 եւ «Հորիզոն», 2014-01-27, 2014-0203) անդրադարձեր էի անոնց։ Վերստին նոյնը չշարադրելու համար ընդարձակ մէջբերում մը կը կատարեմ այդ յօդուածէս։

«Բարեբախտաբար «Յուսաբեր»-ի 1955-ի ապրիլ 24-ի համարէն սկսեալ, ուր լոյս տեսած էր մեր մամուլին մէջ երեւցած առաջին մանր նշմարս, պահուած ունէի բոլոր գրածներս, նոյնիսկ դպրոցական «Հունձք» պարբերաթերթը, որ կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած էր ապագայ գործունէութեանս վրայ։ Սակայն կար աւելին, որուն մասին ցարդ չէի մտածած. գրադարանիս խորքը պահուըտած էին նաեւ երկու այլ անսպառ աղբիւրներ – նամակներս՝ առաքուած ու ստացուած, եւ օրատետրերս, երկուքն ալ 12-13 տարեկանէս սկսեալ։ Սակայն երբոր ձեռքս երկարեցի այն տուփերուն (յաճախ՝ կօշիկի տուփեր…) ուր զետեղուած էին այդ բոլորը, անոնք ծուռ աչքով մը նայեցան ինծի, – այսքան տարի մեզի կարեւորութիւն չես տուած, մեզ իրարու վրայ նետած-դիզած ես, հիմա՞ միտքդ ինկանք, մեր մասին մտածեցիր…

«Օգտուելու համար այդ բոլորէն, պարտաւոր էի խաթրերնին ընել, նստիլ ու ամեն բանէ առաջ զիրենք դասաւորել, յատկապէս նամակներս, ապա՝ օրատետրերուս հետ բոլորն ալ աչքէ անցընել եւ համառօտ կերպով ցանկագրել անոնց բովանդակութիւնը, որպէսզի գիտնայի թէ ի՛նչ կար այնտեղ, ի՛նչ գրեր եմ 60 տարիներէ ի վեր։

«Դեռ կային նաեւ մօրս օրատետրերը, որ այս ընթացքին պիտի գային աւելնալու գրադարանիս դարակներուն վրայ, եւ որոնց մէջ կրնայի գէթ ծննդեան ու մանկութեան օրերուս մասին բաներ մը ճարել։ Ունէի նաեւ ձայնագրուած երիզներ, որոնց մէջ հայրս իր կեանքէն կը պատմէր, ու որոշ դրուագներ յատուկ կարեւորութիւն կը ստանային ինծի համար։ Ասոնք ալ պէտք էր պեղէի։

«Վերջապէս կային լուսանկարներու անհամար ալպոմները՝ պատկերատետրերը, թէ՛ մօրս հաւաքածները, եւ թէ՛ մերինները, որոնք նոյնպէս անսպառ նիւթ ունէին պահուած իրենց էջերու թափանցիկ ծածկերուն տակ կամ հաստ խաւաքարտերուն վրայ։ Ինչե՜ր կրնային պատմել այդ հին ու նոր նկարները, սեւ ու ճերմակ, սեփիա թէ գունաւոր, երբեմն գունաթափ, երբեմն դեռ միշտ փայլուն»։

Ուրեմն, հիմա քիչ մը աւելի ընդունելի կերպով պահուած են այդ բոլորը, լուսանկարներն ալ ամբողջութեամբ թուայնացած են, սակայն ասկէ անդին ի՞նչ պիտի ըլլան։

Յօդուածներէս որոշ թիւ մը համադրուեցան ու ըստ նիւթի մաս կազմեցին այն օրերէն ի վեր առցանց հրատարակած գիրքերուս։ Բայց կայ անոնց տասնապատիկը, որոնք թէեւ ամբողջութեամբ ցանկագրուած են, սակայն տակաւին կրնան ըստ նիւթի ալ համախմբուիլ, նոյնիսկ եթէ միայն որպէս ցուցակներ։ Անոնց մէջ կան բազմաթիւ հարցազրոյցներ, յաճախ ականաւոր, շա՛տ ականաւոր դէմքերու հետ, որոնց տեսակէտները ամփոփուեցան «Ոստայն 15 – Զրուցապատում» առցանց հատորիս մէջ, սակայն պիտի արժէր անոնցմէ ոմանց հարցազրոյցները իրենց ամբողջութեամբ հրատարակել։ Տակաւին առկայ են այդ հարցազրոյցներու ձայներիզները, որոնք նոյնպէս կարեւոր նիւթեր պիտի հանդիսանային այդ դէմքերու կենսագրութեան ու պատմութեան համար։ Անոնք անհրաժեշտաբար պէտք է անցնին ձայնագրութեան նոր կրիչներու վրայ, թուայնանա՛ն։

Իշխան Չիֆթճեանի մղումով սկսայ համախմբել ու ծանօթագրել նամականիս, մասնաւորաբար դարձեալ ականաւո՛ր դէմքերու հետ փոխանակած նամակներս, որոնք նոյնպէս կարեւոր են իրե՛նց վերաբերեալ արխիւները ամբողջացնելու տեսակէտէն։ Բայց տակաւին ծայրն ենք ծրարոց։ Ինչ որ կրցանք աւարտել, զետեղուեցաւ Հայերէնblog կայքէջին վրայ, գիրքերուս հետ։

Նամակագրութիւնս, սակայն, միայն ականաւոր դէմքերու հետ չէ, որ եղած է։ Հարազատներու, ընկերներու գրած նամակներս որքա՜ն վկայութիւններ կը պարունակեն մեր կեանքին մասին, որ հաւանաբար ուրիշ որեւէ տեղ կարելի չէ գտնել։ Ահա անոնցմէ խումբ մը առանձին հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ։ Այդ՝ մտաւորական կնոջ մը՝ Սիրարփի Փափազեանին, մօրս հեռաւոր ազգականներէն՝ Սիրարփի մօրաքի՛ն ուղղուած նամակներս են, որոնք գրի առնուած են օրագրի նման՝ երկար ճամբորդութիւններ կատարած ատենս, ձեւով մը մանրամասն բայց անկապ օրագիր, որ կրնայ առանձն գիրքի նիւթ հանդիսանալ։ Նման բազմաթիւ այլ անկապ էջեր ալ կան, որոնք ընթերցումի, ի հարկին մշակման ու հրատարակման կը սպասեն։

Հաւանաբար նոյն մաղումի ու մշակման արժանի նիւթեր կրնամ գտնել մօրս օրատետրերուն ու նամակներուն մէջ, որոնք նոյնպէս մաս կը կազմեն արխիւներուս։

Իսկ դպրոցական ու համալասարանական տետրե՞րս, ճարտարապետական յօդուածներս ու այլ աշխատանքնե՞րս։ Տակաւին որքա՜ն յուշօններ, ձեռնարկներու առթիւ լոյս տեսած գրքոյկներ… ահա մէկը նոր զարկաւ աչքիս. Մայիս 28-ի 25-ամեակի տօնակատարութիւն, Աղեքսանդրիա, Համօ Օհանջանեանի նախագահութեամբ։ Մօրս պահած-պահպանած թուղթերուն մէջէն գտայ։ Ասոնք մեր տարագիր կեանքի վկայութիւններն ու պատումները կը հանդիսանան։

Այս բոլորը արժէք մը ունի՞ն, թէ՞ ոչ։

Իսկ իմ ունեցածին բազմապատիկը կայ ոչ միայն շատ ուրիշներու քով, այլեւ մեր կազմակերպութիւններուն ալ քով։ Անո՞նք ինչ կ՚ընեն փրկելու համար այդ անգին գանձերը, որոնց շնորհիւ է, որ պիտի գրուի մեր պատմութիւնը, պիտի գրուի՝ եթէ անոնք փրկուին կորուստէ։

Ո՞վ կը մտածէ այս մասին։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.