Արթուր Խաչատրեան. Փաշինեան հող կը նախապատրաստէ Տիգրանաշէնը յանձնելու համար

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան զգուշացուցած է, որ Տիգրանաշէնի հնարաւոր յանձնումը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան՝ լուրջ սպառնալիք պիտի ստեղծէ Հայաստանի անվտանգութեան եւ երկրի հիւսիս-հարաւ հաղորդակցութեան համար։

Օգոստոս 20-ին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Խաչատրեան անդրադարձած է Նիկոլ Փաշինեանի՝ ներբակ տարածքներու (անկլաւներու) եւ սահմանազատման վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւններուն՝ նշելով, որ 1991-ի Ալմա-Աթայի հռչակագիրը չի կրնար իրաւական հիմք ծառայել տարածքներու փոխանցման համար։

Խաչատրեան ըսած է, որ Տիգրանաշէնը ռազմավարական նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար, քանի որ ան կը գտնուի երկրի կեդրոնական հատուածը հարաւին կապող հիմնական ճանապարհին վրայ։ Ան շեշտած է, որ այդ տարածքին մէջ ատրպէյճանական վերահսկողութեան հաստատումը անվտանգային ծանր վտանգներ պիտի ստեղծէ։

«Ատրպէյճանական յենակէտի տեղակայումը երկրի գրեթէ կեդրոնը՝ դէպի հարաւ տանող մայրուղիին վրայ, ահռելի վտանգներ կը ստեղծէ», ըսած է Խաչատրեան՝ նշելով, որ նման մտահոգութիւններ կան նաեւ հիւսիսային հատուածներուն մէջ գտնուող Բարխուդարլուի եւ Սոֆուլուի պարագային։

Խաչատրեան նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն ատրպէյճանական ուժերու դուրսբերումը, այլ ոչ թէ ռազմավարական դիրքերու եւ ճանապարհներու զիջումը սահմանազատման գործընթացին անունով։

Ան նաեւ յայտարարած է, որ 2020-էն ի վեր Հայաստանը շարունակաբար տարածքային զիջումներ կատարած է, մինչդեռ Ատրպէյճանը համարժէք քայլ չէ կատարած հայկական ինքնիշխան տարածքներէն իր ուժերը հեռացնելու ուղղութեամբ։