Արամ Ա. Վեհափառ. «Արտօնելի չէ, ներելի չէ, որ մեր ոստիկաններուն ու երիտասարդներուն միջեւ բախումներ տեղի ունենան»

Ապրիլ 20-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս քանի մը ժամուան համար մեկնեցաւ Հայաստան։

Պէյրութի օդակայանին մէջ Cilicia TV-ի խնդրանքով անդրադառնալով հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն` վեհափառը ըսաւ. «Վերջին օրերուն Երեւանին մեջ տեղի ունեցող ցոյցերը բնականաբար ընդվզումի արտայայտութիւն են, սակայն ինչ ալ ըլլան ընդվզումներուն պատճառը, արտօնելի չէ, ներելի չէ, որ հայու արիւն հոսի հայրենի սրբազան հողին վրայ: Արտօնելի չէ, ներելի չէ, որ մեր ոստիկաններուն ու երիտասարդներուն միջեւ բախումներ տեղի ունենան` երբեմն ոստիկաննները մղելով ձերբակալութիւններու: Բոլորն ալ մեր սիրելի զաւակներն են: Ինչպէս մեր բոլոր ընկերութիւններու կեանքին մեջ, նաեւ մեր հայրենի ժողովուրդին կեանքին մէջ կան լուրջ խնդիրներ, լուրջ մտահոգութիւններ, որոնք մեր զաւակները երբեմն կը մղեն բողոքի ու պոռթկումի:

«Անհրաժեշտ է, սակայն, որ խնդիրներն ու մտահոգութիւնները քննուին եւ լուծման ուղիներ որոնուին միասնաբար, նախագահին հովանաւորութեամբ եւ մեր ժողովուրդը ներկայացնող բոլոր ուժերուն միասնական ճիգով եւ սիրոյ ու հասկացողութեան ոգիով: Այս է հարցերը լուծման առաջնորդող ճիշդ ու ապահով ճամբան: Այս է մեր սպասումը հայրենի մեր իշխանութենէն, ինչպէս նաեւ հայրենի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներեն:

«Կ’աղօթեմ առ Աստուած, որ իր երկնային հովանիի ներքեւ անվթար պահէ ու պաշտպանէ մեր սիրելի հայրենիքը:

«Կ’աղօթեմ առ Աստուած, որ իր երկնային շնորհքներով ու բարիքներով ծաղկեցնէ մեր ժողովուրդին կեանքը` ի Հայաստան Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.