Ատրպէյճան Բռնագրաւուած Բերձորի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցին Մզկիթի Կը Վերածէ

Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան Պետական խորհուրդը յայտարարութեան մը միջոցաւ ահազանգեց, որ Ատրպէյճան բռնագրաւուած Բերձորի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին մզկիթի կը վերածէ։

«Ադրբեջանի` պետական մակարդակով հայկական ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութեան եւս մէկ դրսեւորման ապացոյցներ են հասանելի դարձել: Սոցցանցերում (ընկերային ցանցերու վրայ) հրապարակուած տեսագրութիւնները հաստատել են Բերձորի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին մզկիթի վերածելու մասին` դեռեւս 2021 թուականին առաջացած հիմնաւոր կասկածները: Այժմ եկեղեցին շրջափակուած է քօղարկիչներով, իսկ տարածքում կատարւում են շինարարական աշխատանքներ: Մինչ այդ հրապարակուած նախագծից պարզ է դառնում, որ եկեղեցին կը վերածուի մզկիթի` երկու մինարեթներով», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:

Comments are closed.